Սեբաստիոյ Սուրբ Գէորգ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի


Սեպուհ Քոճաք
Սեբաստիոյ (Սվազ) մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեն ետք վերածուած էր զինանոցի, այժմ պիտի վերանորոգուի:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին կողմէ երեքշաբթի, դեկտեմբեր 3-ին հաղորդուած տեղեկութեան, այս նպատակով նահանգապետարան դիմած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ, որովհետեւ եկեղեցին կը գտնուէր բանակի հակակշիռին տակ եղող տարածքի մը մէջ: Եկեղեցին այդ տարածքէն դուրս բերուած է Սեբաստիոյ հայերու բարեկամներու միութեան ջանքերով ու կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսին յառաջիկայ գարնան:
Սեբաստիոյ հայերու բարեկամներու միութեան նախագահ Սեպուհ Քոճաք շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան` իր ցուցաբերած աջակցութեան համար:
CATEGORIES Հայ Դատ

