10 Մրցումով Կախակայուած`. Խրուաթ Սիմունիչ Պիտի Բացակայի 2014-ի Մոնտիալէն

simunic«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Խրուաթիոյ յետսապահ Եոսիփ Սիմունիչ պիտի բացակայի 2014-ի Մոնտիալէն` նկատի ունենալով, որ ան ՖԻՖԱ-ին կողմէ 10 մրցումով կախակայուեցաւ` նախորդ ամիս Իսլանտայի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակէն ետք ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունենալուն պատճառով:

Ատկէ բացի, 35 տարեկան Սիմունիչ տուգանուեցաւ շուրջ 34 հազար ամերիկեան տոլարով:

Ի տես այս պատիժին, Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ պիտի բողոքէ ՖԻՖԱ-ին, մինչ ազգային խումբի մարզիչ Նիքօ Քովաք ըսաւ, որ այս պատիժը պէտք եղածէն աւելի ծանր է:

Ա. խմբակին մաս կազմող Խրուաթիա 2014-ի Մոնտիալի Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, ինչպէս նաեւ Մեքսիքա եւ Քամերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES