Փոքրերու Աթլեթիզմի Մրցումներ` Ժամհուր Վարժարանին Մէջ

jamhour1612Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան փոքրերու աթլեթիզմի մրցումներ (գունդ նետել, վազք եւ ձողով բարձրութիւն ցատկել):

Իր այս քայլով, Ժամհուր ակումբը ձեւով մը գործադրած եղաւ Միջազգային աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ պատրաստուած ծրագիրը, որ կը միտի վարժարաններուն մէջ քաջալերել 7-12 տարեկան տարիքը ունեցող փոքրերուն` այս մարզաձեւին նկատմամբ իրենց ունեցած համակրանքը:

Փոքրերու աթլեթիզմի այս մրցումներուն մասնակցեցան 70 երկսեռ աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ վարժարանները. Մելքարթ, Լուէյզի, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ս. Կրեկորիոս, Լիսէ Էշրեֆիէ եւ Ժամհուր:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու յանձնում` բոլոր մասնակցողներուն, ձեռամբ հայր Պրունօ Սիոնի:

Share this Article
CATEGORIES