Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ին տեսակցեցան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ եղբայրները վերապատուելի Հայտոսթեանին հետ քննարկեցին հայ պատանիները եւ երիտասարդները յոռի բարքերէ եւ մոլութիւններէ հեռու պահելու միջոցները` շեշտելով մարմնակրթութեան կարեւորութիւնը, մեկնելով առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ սկզբունքէն:

Վերապատուելի Հայտոսթեան իր կարգին  գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը եւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը հայ պատանիին առողջ դաստիարակութեան մէջ, եւ մասնաւորաբար շեշտելով ԼԵՎԱՄ-ի կարեւորութիւնը հայ աշակերտութեան մարզական կեանքին մէջ, վերահաստատեց Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Հայտոսթեանին` անոր ցուցաբերած օժանդակութեան եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն քաջալեր հանդիսանալու համար` ընդգծելով, որ ճշմարտութեան, ազատութեան եւ ծառայութեան կարգախօսով գործող Հայկազեան համալսարանը եւ «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանով իր գործունէութիւնը ծաւալող Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը կը ծառայեն միեւնոյն նպատակին:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )