Հայաստանի Մարզական Լրագրողներու Համադաշնակցութիւնը Ընտրեց Լաւագոյնները

Դաւիթ Սաֆարեա

Դաւիթ Սաֆարեա

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի մարզական լրագրողներու հանրապետական համադաշնակցութեան հարցախոյզին արդիւնքներով որոշուեցան 2013 տարեշրջանի 10 լաւագոյն մարզիկները:

Հարցախոյզին մասնակցեցան մարզական նիւթեր գրող 22 լրագրողներ: Անոնք Հայաստանի թիւ 1 մարզիկը ճանչցան աշխարհի, Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային Եիւնիվերսիատի արծաթէ մետալակիր Դաւիթ Սաֆարեանը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 լաւագոյններուն անուանացանկը.

  ԿԷՏ
1.- Դաւիթ Սաֆարեան (ազատ ըմբշամարտ) 220
2.- Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ) 187
3.- Արմէն Ջուլֆալակեան (ըմբշամարտ) 155
4.- Ռոմիկ Ամոյեան (ըմբշամարտ) 119
5.- Աշոտ Դանիէլեան (Սամպօ) 109
6.- Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն) 88
7.- Արամ Աւագեան (կռփամարտ) 75
8.- Մաքսիմ Մանուկեան (ըմբշամարտ) 52
9.- Մուսա Մուրթազալիեւ (ըմբշամարտ) 49
10.- Արթուր Շահինեան (ըմբշամարտ) 49

Մարզական լրագրողները հարցաթերթիկներուն մէջ նշեցին նաեւ 9 մարզիկներու անուններ: Անոնք են` Լիլիթ Մկրտչեան, Զաւէն Անդրէասեան (ճատրակ), Արթուր Քիրաճեան, Հենրիկ Մոքոյեան (կռփամարտ), Տիգրան Կիրակոսեան, Սօսէ Բալասանեան, Մաւրիկ Նասիպեան, Երջանիկ Կարապետեան (Սամպօ) եւ Վաչիկ Եղիազարեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ):

Լաւագոյն խումբը ճանչցուեցաւ Եւրոպայի անհատական-խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն երրորդ դիրքը գրաւած, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES