Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Տիրացաւ Արծաթ Մետալին
Երէկ` երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին, Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ աւարտեցաւ Համաշխարհային մտաւոր խաղերու ծրագիրով տեղի ունեցող ճատրակի կայծակնային մրցաշարքը:
Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան առաւելագոյն 30 կէտէն 19,5 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը եւ տիրացաւ արծաթ մետալին:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Սերկէյ Քարժաքին, որ իր կարգին թէեւ ապահովեց 19,5 կէտ, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց առաջին դիրքը:
CATEGORIES Մարզական