«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Սփիւռքի Լրատուամիջոցներու Մրցոյթ. Յայտարարութիւն
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսը կը յայտարարեն «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ: Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ վերջին երեք տարուան ընթացքին (2011-2013) եւ մինչեւ այսօր սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները, որոնք իրենց ուշադրութեան կեդրոնը կը պահեն հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ ազգային այլ հարցեր` հրապարակելով նշուած նիւթերով յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ակնարկներ կամ սփռելով հաղորդումներ, հաղորդաշարեր եւ այլ նիւթեր: Մրցոյթին կը ներկայացուին 2013 թուականին հրապարակուած նիւթերը:
Մրցոյթը կ՛իրականացուի հետեւեալ անուանակարգերուն համար`
– տպագիր լրատուամիջոց (թերթ, հանդէս)
– պատկերասփիւռային կայան
– ձայնասփիւռային կայան
– համացանցային լրատուամիջոց
– պլոկ
Նշենք, որ իւրաքանչիւր անուանակարգին մէջ սահմանուած են գլխաւոր եւ խրախուսական մրցանակներ:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ մրցոյթին, մինչեւ 15 փետրուար 2014-ը մրցութային յանձնախումբին պէտք է ուղարկեն`
– Մասնակցութեան դիմումնագիր
– 2013 թուականի գործունէութեան մասին ամփոփ գրութիւն
Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց մրցոյթին կրնայ մասնակցիլ միայն մէկ անուանակարգի համար:
Նախորդ մրցոյթին գլխաւոր մրցանակակիրները հրաւիրուած են մասնակցելու մրցութային յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ մրցոյթին պիտի չմասնակցին:
Տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել հետեւեալ հասցէներով.
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն
Հայաստան 0010, Երեւան, Վ. Սարգսեան 26/1
Ե. նամակ` [email protected] , [email protected]
Հեռախօս` +(374 10) 58 56 01 /109/

