Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսան «Տօնացոյց»-ի Ա. Եւ Բ. Հատորները

Donatsouts-site-728x1024Դեկտեմբերի սկիզբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսան «Տօնացոյց»-ի Ա. եւ Բ. հատորները, մէկ գիրքի մէջ:

«Տօնացոյց»-ը այն գիրքն է, ուր արձանագրուած են Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ տօներն ու պահքերը, ծիսական արարողութիւնները եւ այդ արարողութիւններու ընթացքին կարդացուելիք ընթերցուածները:

«Տօնացոյց»-ը դարերու ընթացքին կազմուած է տարբեր անձերու կողմէ եւ տարբեր ժամանակահատուածներու: Այսպէս, Հայ եկեղեցւոյ ծէսին կազմակերպողը կը հանդիսանայ մեր Երկրորդ Լուսաւորիչ` Սուրբ Գրիգորը: Սուրբ Գրիգորին կազմածը աւելի մշակած է Սուրբ Սահակ Պարթեւ հայրապետը: Կազմուածն ու մշակուածը խմբագրած են` երանեալ Սուրբ Գիւտ Արահեզացի, Սուրբ Յովհան Մանդակունի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետները: Իսկ վերջնական ձեւաւորումն ու խմբագրումը կատարած է Սուրբ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը:

Ներկայ հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Սուրէն արք. Գաթարոյեանը: Սրբազան հայր հատորին սկիզբը ըրած երկու խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ կատարուած սոյն հրատարակութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ, յատկապէս երկու իմաստով. Ա) «ՏՕՆԱՑՈՅՑ»-ը փաստօրէն հազուագիւտ ներկայութիւն դարձած է մեր եկեղեցիներէն ներս: Բ) Ան մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ հոգեւոր դասուն, դպրապետներուն ու դպրաց դասերուն` կանոնաւորելով ու դիւրացնելով ծիսական-կանոնական ընթացքը մեր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն»:

Սոյն հատորը լոյս կը տեսնէ «Սմբատ արք. Լափաճեան» հրատարակչական ֆոնտին միջոցով:

Share this Article
CATEGORIES