Վրաստանի Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է Ալիեւի Հետ

Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Ազրպէյճան կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու բարեկամութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան առնչուող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին Իրաքլի Ղարիպաշվիլի ներկայացուցած է Վրաստանի նոր կառավարութեան քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ մշակութային հարցերուն մէջ Ազրպէյճանի հետ համագործակցելու ցանկութիւնը:
Ղարիպաշվիլի շնորհակալութիւն յայտնած է Իլհամ Ալիեւին` Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած աջակցութեան համար:
CATEGORIES Միջազգային

