Ակնարկ. Տաւութօղլուի Երեւան Այցելութիւնն Ու Այդ Առիթով Կատարուած Ցոյցը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 12 դեկտեմբերին այցելեց Երեւան` մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին, որուն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով մասնակցող միակ այլ երկիրներն Էին Հայաստանն ու Պուլկարիան, որոնց այդ մակարդակով մասնակցութիւնը առնչուած էր կազմակերպութեան նախագահութիւնը Հայաստանէն Պուլկարիոյ փոխանցելու օրակարգին:
Ի տարբերութիւն վերոնշեալ երկու երկիրներուն, նշեալ միօրեայ ժողովին Թուրքիոյ` դիւանագիտութեան պետի մակարդակով մասնակցութիւնը որեւէ կապ չունէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին հետ, այլ 2015-ի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու թրքական մարտավարութեան կողքին կ՛առնչուէր Հայաստանի հետ յարաբերութեանց կարգաւորման Թուրքիոյ ղարաբաղեան նախապայմանին: 19 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումէն ետք, թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Տաւութօղլու որոշած է ընդառաջել Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին մասնակցութեան համար հայկական կողմէն ստացած հրաւէրին, սակայն վերջնական որոշումը կախեալ է Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումէն ետք ստեղծուած կացութենէն, որուն աւելի լաւ ծանօթանալու եւ «սխալ հասկացողութեանց» առաջքը առնելու համար Տաւութօղլու հանդիպում ունեցաւ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ եւ անոր «օրհնութիւն»-ը ստանալէ ետք ուղղուեցաւ Երեւան:
Ի տարբերութիւն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան այլ անդամ պետութեանց, Թուրքիա ուզեց արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով մասնակցիլ երեւանեան ժողովին` «վարձատրելու» համար Հայաստանը, 23 յունուար 2012-ին Սոչիի մէջ երկու նախագահներուն միջեւ վերջին հանդիպումին յաջորդած երկար ընդհատումէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինը եղող հանդիպումին ընթացքին բանակցութիւնները շարունակելու համաձայնութեան գոյացման համար: Այդպիսով, Անգարա անգամ մը եւս կ՛ընդգծէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ որեւէ յառաջընթաց թրքական կողմէն համահունչ արձագանգի պիտի արժանանայ:
Տաւութօղլու Երեւանի մէջ դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան երիտասարդական թեւերու ցոյցով մը, որ իր արձագանգը գտաւ միջազգային եւ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ: Ցուցարարները Թուրքիայէն պահանջեցին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերջ տալ Հայաստանի շրջափակման: Ցոյցի մասնակիցներուն շուրջ հարիւր հոգի ըլլալը եւ այլ քաղաքական կուսակցութեանց բացակայութիւնը այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, որ այդ ցոյցը միայն «ծայրայեղական փոքրամասնութեան» մը արարքն է: Դժբախտաբար, Հայաստանի թէ՛ իշխանամէտ, թէ՛ ընդդիմադիր շրջանակներ ցոյցին նկատմամբ անհրաժեշտ լրջութիւնը չցուցաբերեցին: Իշխանամէտ շրջանակին մէջ եղան ոմանք, որոնք հեգնանքով յայտնեցին, որ իրենք եւս կը մասնակցէին այդ ցոյցին, եթէ գիտնային, թէ մասնակիցներուն թիւը այնքան քիչ պիտի ըլլար` մոռնալով, որ ցոյցին ընթացքին բարձրացուած պահանջները` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ շրջափակումին վերջ տալը բոլորին կը վերաբերէին, եւ որեւէ խմբաւորում կամ անհատ, որ այդ նոյն արդար պահանջները ունէր, քանի մը օր առաջ յայտարարուած այդ ցոյցին մասնակցելու համար հրաւէրի չէր կարօտեր: Ահա թէ ինչու այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, որ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերը Հայաստանի շրջափակումին վերջ տալով կամ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով չեն հետաքրքրուած: Ցոյցին միայն շուրջ հարիւր երիտասարդներու մասնակցութիւնը այլապէս բնական երեւոյթ մըն էր, որովհետեւ անիկա միայն յիշեցման կարգով էր եւ ոչ թէ Տաւութօղլուի Երեւանէն վտարման: ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնները եւս 23 յուլիս 2009-ին Տաւութօղլուի Լիբանան այցելութեան առիթով նոյն ձեւաչափով եւ տարողութեամբ ցոյց մը կատարած էին: Երեւանէն ետք նոյնպիսի ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիր դաշտին, այն կարծիքը հնչեց, որ ցոյցը Տաւութօղլուի անձին դէմ է, իսկ ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջելու օրակարգը ողորմելի է, որովհետեւ «մենք այն երկիրն ենք, որ հիմա ցեղասպանութիւն ենք ապրում մեր իսկ կառավարութեան ձեռքով, իսկ այդ պայմաններում ճանաչում պահանջել դահիճից` մեղմ ասած` միամտութիւն է»: Յայտարարութիւն մը, որ իշխանութեանց նկատմամբ կուրցնող ատելութեան ու իշխանութիւն – ընդդիմութիւն խաղի սահմաններու եւ ողջմտութեան կորուստի մասին կը վկայէ: Հետաքրքրական է, որ այս առիթով թրքական ընդդիմադիր դաշտին մէջ եւս ի յայտ եկաւ նոյն ախտը: Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Օքթայ Վուրալ իր երկրին իշխող կուսակցութիւնը քննադատելու մոլուցքէն տարուած յայտարարեց, որ «մեր առջեւ ունինք կուսակցութիւն մը, որ փոխանակ տեղահանութեան պատճառները պաշտպանելու, կը պատրաստուի ճանչնալու ցեղասպանութիւնը»: Ան չանդրադարձաւ, որ իր այդ խօսքով կը ճանչնայ ցեղասպանութեան փաստը, կը խոստովանի անոր ճշմարտութիւնն ու կը պահանջէ զայն արդարացնել եւ ոչ թէ անոր համար ներում հայցել: Շնորհակալութիւն վկայութեան համար:

