Լէյլա Ռիատ Սոլհ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լէյլա Սոլհ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս
Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց նախկին նախարար, «Ուալիտ պըն Թալալ» հիմնարկի փոխնախագահ Լէյլա Ռիատ Սոլհը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ յիշեալ հիմնարկի տնօրէնը եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Լէյլա Սոլհը դրուատիքով արտայայտուեցաւ «Ուալիտ պըն Թալալ» հիմնարկի կատարած մարդասիրական գործունէութեան` ընդհանրապէս միջազգային մակարդակի վրայ եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց մանաւանդ յիշեալ հիմնարկին առանց կրօնական ու ցեղային խտրութեան կատարած մարդասիրական ծառայութիւնը: Այս ծիրէն ներս վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի հայութեան շարք մը ծրագիրներուն հիմնարկին կատարած աջակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, որ Լէյլա Սոլհին հայրը` Ռիատ Սոլհ, որ Լիբանանի անկախացումէն ետք առաջին վարչապետը եղած է 1943-1945 եւ 1946-1951 շրջաններուն, յաճախակի առիթներով այցելած է Անթիլիասի մայրավանքը եւ յատուկ յարգանք ունեցած է լիբանանահայութեան նկատմամբ:
Իր կարգին, Լէյլա Սոլհ իր ուրախութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղին իր կատարած այցելութեան ու վեհափառին ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար: Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան ցուցաբերած հաւատարմութեան ու աշխատասիրութեան եւ Լիբանանի յառաջդիմութեան բերած իր դրական նպաստին գծով ու խոստացաւ շարունակել իր գլխաւորած հիմնարկին օժանդակութիւնը լիբանանահայութեան մարդասիրական ծրագիրներուն:
Վեհափառ հայրապետը, իբրեւ սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն` լիբանանահայութեան կատարած օգտակարութեան համար, յուշանուէր մը յանձնեց Սոլհին: Ապա Սոլհ ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:

