Ծաղկաձորցի Լեռնադահուկորդը Պրոնզէ Մետալի Տիրացաւ Թուրքիոյ Մէջ

Արսէն Ներսիսեան (կեդրոնը) Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքերէն մէկէն ետք
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ծաղկաձորցի լեռնադահուկորդ, Հայաստանի լեռնադահուկային հաւաքականի խումբի յառաջատար Արսէն Ներսիսեան, հսկայ ոլորավայրէջքի մրցումներուն 3-րդ պատուաւոր դիրքը գրաւելով տիրացած է պրոնզէ մետալին:
Այս մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ, կ՛իյնան Սոչիի ձմեռնային ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան վարկանշային մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ այս լուրին մասին տեղեկացած է Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեանէն:
CATEGORIES Մարզական

