Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Անոնք տուին հետեւեալ արդիւնքները. Սալամ Զղարթա – Իժթիմահի` 2-0, Մապարրա – Անսար` 1-0, Ռասինկ – Թատամոն Սուր` 1-0, Թրիփոլի – Շապապ Սահել` 2-2, Ահտ – Սաֆա` 1-1 եւ Ախա Ահլի Ալէյ – Նըժմէ` 1-1:
Նախորդ շաբաթավերջի մրցումները եղան քիչ մը խաղաղ` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը ծանր պատիժներ չսահմանեց խումբերուն կամ մարզիկներուն նկատմամբ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Մապարրա 2:15 Ահտ
Նըժմէ – Իժթիմահի 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ Զղարթա – Սաֆա 2:15 Զղարթա
Թատամոն Սուր – Ախա Ահլի Ալէյ 2:15 Սուր
Թրիփոլի – Ռասինկ 2:15 Թրիփոլի
Անսար – Ահտ 3:30 Սայտա
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Նեպի Շիթ – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Նեպի Շիթ
Ամալ Պիքֆայա – Խըյուլ 2:15 Թրիփոլի Օլիմփիք
ՇԱԲԱԹ, 21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Շապապ Թրիփոլի – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Թրիփոլի Օլիմփիք
Ռիատա Ուալ Ատապ – Ահլի Սայտա 2:15 Թրիփոլի
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սաժես – Շապապ Ղազիէ 2:15 Ահտ

