Մարքոս Այցելեց Պրազիլի Մէջ Գտնուող Հայկական Ակումբը
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի յառաջապահ Մարքոս Փիցելլի ներկայիս կը գտնուի Պրազիլ` այդ երկրին մէջ իր արձակուրդը անցընելու համար:
Ինչպէս կը յայտնէ պրազիլական estacaoarmenia.com.br կայքէջը, 29 տարեկան Մարքոս ընդունած է հայկական համայնքին հրաւէրը եւ հիւրընկալուած «SAMA» հայկական ֆութպոլի ակումբին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

