Ռէալ Մատրիտի Գերազանց Նախաձեռնութիւնը. «Ամանորին Ոչ Մէկ Երեխայ` Առանց Նուէրի»
Ռէալ Մատրիտ հիմնադրամը Ամանորի նախօրեակին կազմակերպած է ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի ակումբներուն ներկայացուցիչները` Իքեր Քասիաս, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Ֆելիփէ Ռեյես եւ Ռուտի Ֆեռնանտես, նուէրներ յանձնած են ներկայ գտնուող երեխաներուն, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
«Ամանորին ոչ մէկ երեխայ` առանց նուէրի» խորագիրով ձեռնարկին ընթացքին յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով` ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես, որ միենոյն ժամանակ հիմնադրամին հիմնադիրն է, իր խօսքին մէջ ըսած է. «Ռէալ Մատրիտի հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած այս բարեգործական քայլին հիմնական նպատակն է Ամանորի նախօրեակին նուէրներ բաժնել երեխաներուն: Մեր հիմնադրամին միջոցով իւրաքանչիւր տարի կ՛ուրախացնենք աւելի քան 8000 երեխայ` աշխարհի չորս ծագերէն: Կը փափաքինք այս շրջանակը ընդլայնել եւ այդ գծով համապատասխան աշխատանքներ արդէն իսկ կ՛իրականացնենք: Այս տարի կը պատրաստուինք աւելի քան 2000 նուէր նուիրելու տնտեսապէս ոչ այդքան բարենպաստ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներուն, մանկապարտէզներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքին 12 մեծ հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող երեխաներուն»:

