Մարատոնա. «Ոսկիէ Գնդակը Պէտք Է Ստանայ Ռոնալտոն»

maradona1712Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ եւ մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ նկատի առնելով այս տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն արդիւնքները, ոսկիէ գնդակը պէտք չէ շնորհուի իր հայրենակիցին` Լիոնել Մեսսիի, այլ` փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի:

«Այս մրցանակը պէտք է շնորհուի Ռոնալտոյի, հիմնականօրէն այն պատճառով, որ Մեսսի իր ստացած վնասուածքներուն պատճառով շատ յաճախ բացակայած է ֆութպոլի դաշտերէն», կը մէջբերէ ArmSport.am-ը` Մարատոնայի կատարած յայտարարութիւնը քաղելով Goal.com կայքէջին հրապարակած մէկ լուրէն:

 

Share this Article
CATEGORIES