Ապահովական Վիճակի Վատթարացման Ազդանշանով. Սուրիական Վեց Հրթիռներ Ինկան Հըրմելի Շրջանը
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի շրջաններու ապահովական վիճակին վատթարացման ազդանշանով, երէկ երեկոյեան վեց հրթիռներ ինկան Հըրմելի շրջանը` պատճառելով վիրաւորներ ու նիւթական վնասներ: Սկզբնական տեղեկութեանց համաձայն, հրթիռարձակումը կատարուած էր սուրիական շրջանէն եւ «Ժապհաթ Նուսրա» եւ «Մարուան Հատիտի փաղանգներ» կոչուող խմբաւորումի ջոկատները ստանձնած էին հրթիռարձակումին պատասխանատուութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

