Զօր. Աուն Նախագահեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Շաբաթական Հերթական Նիստին
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին, որուն ընթացքին խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակը` ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Այս առիթով համախմբումի անդամ մշակոյթի նախարարի գործակատար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ համախմբումը ոչ ոքի թելադրանքներուն պէտք ունի իր դատումներուն համար:
Պքերքէի Մէջ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր Ռայի պատրիարքին հետ խորհրդակցեցաւ օրուան հրատապ հարցերուն, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական օրէնքին շուրջ:
Այս մասին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` երէկ Աուն եւ Ռայի պատրիարքը շեշտեցին միջլիբանանեան համերաշխութեան կարեւորութիւնը երկրին դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին: Զօր. Աուն այս առիթով կոչ ուղղեց միջքրիստոնէական եւ միջլիբանանեան համերաշխութեամբ համախմբուելու Ռայի պատրիարքին շուրջ` ընտրելու համար Լիբանանի յարմարագոյն նախագահը:

