Սլէյման – Հոլլանտ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Առընթեր. Ֆրանսական Դիւանագիտութիւնը Կը Զօրակցի Լիբանանի Սահմանադրական Ժամկէտներու Իրագործման
Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանսուա Հոլլանտի միջեւ, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Զուգահեռաբար, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի երէկ վերահաստատեց իր երկրին դիւանագիտութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի սահմանադրական ժամկէտներու իրագործումին: «Աւելի լաւ է երկարաձգել նախագահ Սլէյմանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, եթէ երկիրը քաոսի կամ սահմանադրական դատարկութեան երկընտրանքին մատնուի», ընդգծեց դեսպան Փաուլի:
CATEGORIES Լիբանանեան

