Հըզպալլայի Մէկ Կեդրոնը Թիրախ Ունենալով`. Լապուէի Պայթումը Դատապարտումի Լայն Ալիք Կը Ստեղծէ

Ականահարուած ինքնաշարժը

Ականահարուած ինքնաշարժը

Հըզպալլայի ապահովական պատասխանատուներէն Հասսան Լաքքիսի սպանութենէն նուազ քան երկու շաբաթ ետք, պայթում մը ցնցեց Պաալպեքի հիւսիսը գտնուող Սպուպա շրջանը: Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ժամը 3:00-ին պատահած պայթումը պատճառեց մարդկային եւ նիւթական վնասներ` ստեղծելով դատապարտումի լայն ալիք:

Ըստ Հըզպալլայի աղբիւրներուն, պայթումը հետեւանք էր Արսալէն ժամանող ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին: Արդարեւ, Հըզպալլայի ապահովական պատկան տարրեր նկատելով նշեալ «Քիա» տիպի ինքնաշարժը, կանխարգիլած են անոր յառաջխաղացքը, երբ զգացած են, թէ անիկա թիրախ ունի պայթումէն 500 մեթր անդին գտնուող Հըզպալլայի կեդրոն մը: Դէպքին պատճառով վիրաւորուած են Հըզպալլայի երկու տարրեր: Այլ աղբիւրներու համաձայն, Լապուէի մօտ պատահած այդ պայթումը պատճառ դարձած է հինգ ինքնաշարժներու հրկիզումին: Այս գծով եղան դատապարտումի յայտարարութիւններ, որոնք գլխաւորաբար Իսրայէլը կը նշմարեն պայթումի ետին:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի դատապարտեց դէպքը` զայն ցուցանիշ նկատելով շրջուն պայթումներու դաւադրութեան մը, որ գլխաւոր թիրախ ունի Հըզպալլայի համակիրը: «Առ այդ, անհրաժեշտ է լրջօրէն մտածել կառավարութեան կազմութեան շուրջ եւ սերտացնել բանակի ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` կանխարգիլելու համար նման պայթումներ», ընդգծեց երեսփոխան Ռիֆայի:

Հրաժարեալ կառավարութեան վարչական հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ դիտել տուաւ, որ Սպուպա-Լապուէի պայթումը կը միտի երկպառակութիւն հրահրել, գլխաւոր պատասխանատու նկատել ուրիշը:

Միւֆթի Ահմետ Քապալան բուռն կերպով դատապարտեց պայթումը` մաղթելով, որ այս դէպքը պատկան պատասխանատուները մղէ համախոհութեան եւ համագործակցութեան` երկրի ապահովական մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման համար: Քապալան նմանապէս դատապարտեց Սայտայի մէջ բանակին դէմ կատարուած յարձակումը:

Իր կարգին, բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` յայտնելով, որ երէկ կանուխ առաւօտեան ժամը 3:00-ի շուրջ պայթում մը պատահած է Պաալպեքի Մքնէ գիւղաքաղաքի Սպուպա – Նապի Մուսա ճամբուն վրայ: Դէպքէն անմիջապէս ետք բանակէն ջոկատներ ուղղուած են նշեալ շրջանը եւ հետաքննութիւն բացուած է դէպքին շուրջ: Պայթումը հետեւանք էր, ըստ բանակի հաղորդագրութեան, «Կրանտ Շիրոքի» տիպի ճիփի մը ականահարումին:

 

Share this Article
CATEGORIES