«Հայերու Հետ Դրացնութիւնը Ազրպէյճանցիներու Առջեւ Կը Դնէ Աշխարհաքաղաքական, Անվտանգութեան Հետ Կապուած Եւ Այլ Մնայուն Խնդիրներ» Ըսած Է Հասանով

Ալի Հասանով

Ալի Հասանով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բաժանմունքի վարիչ Ալի Հասանով «Վըրչուըլ Ղարաբաղ» համացանցային էջի եւ Կեդրոնի բացման ընթացքին յայտարարած է. «Համազգային ղեկավար Հայտար Ալիեւ ղարաբաղեան տագնապի սկիզբէն միշտ աշխուժութեան կոչ կ՛ուղղէր ազրպէյճանցի երիտասարդութեան, լուսաւորականներուն, մտաւորականներուն, մեր գիտնականներուն, Ազրպէյճանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի:

Որովհետեւ իւրաքանչիւր ազրպէյճանցի իր գործունէութեամբ պէտք է իրականացնէ եւ շարունակէ հայերու դէմ պայքարը»:

Հասանով յայտարարած է, որ անկախ գործունէութեան տեսակէն, ոչ մէկ ազրպէյճանցի պէտք է մոռնայ հայերուն հետ դրացնութեան առնչութեամբ իր պատասխանատուութիւնը եւ խնդիրները: «Հայերու հետ դրացնութիւնը բազմաթիւ հարցերու մէջ ազրպէյճանցիներուն համար յաւելեալ պատասխանատուութեան պատճառ կը դառնայ: Անցնող փուլերուն ընթացքին մենք հայերուն կողմէ ենթարկուած ենք ֆիզիքական, բարոյական, տեղեկատուական եւ այլ բնոյթի յարձակումներու: Ատիկա սկսած է 1905-1907, 1918-1920, 1948-1953 թուականներէն եւ 1988-էն կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Աւելի քան 200 տարի Ազրպէյճանի նկատմամբ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն իրականացուցած են: Այդ քաղաքականութիւնը որոշ իմաստով հայերու նախաձեռնութիւնն է, որոշ իմաստով ալ անոնց հովանաւորներուն: Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան էութիւնը ոչ միայն ազրպէյճանցիներու ֆիզիքական ոչնչացումն է, այլ նաեւ անոնց պատկանող տարածքներու գրաւումը, ամբողջ աշխարհի մէջ խայտառակումը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցի ազգի մշակութային արժէքներու, ազգային սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու ոտնահարումը ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ», ընդգծած է Հասանով:

Վարչակազմի ներկայացուցիչը նշած է, որ ազրպէյճանցիներու արդի սերունդին առջեւ բառին բուն իմաստով լուրջ խնդիր ծառացած է. «Խնդիրը կը կայանայ անոր մէջ, որ երբեք չմոռնան դրացի հայերուն կողմէ մեզի սպառնացող վնասը, յարձակումներն ու վտանգները եւ պայքարին անոնց դէմ: Հայերուն հետ դրացնութիւնը ազրպէյճանցիներուն առջեւ կը դնէ աշխարհաքաղաքական, աշխարհատնտեսական, անվտանգութեան հետ կապուած եւ այլ մնայուն խնդիրներ: Իսկ պայքարը ոչ միայն ազրպէյճանցիներու, մեր ազգի ու պետութեան ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովումն է»:

«Ինծի կ՛ուրախացնէ, որ այդ պայքարին միացած է նաեւ ազրպէյճանցի երիտասարդութիւնը: Մենք շատ ուրախ ենք, որ ազրպէյճանցի երիտասարդութիւնը հանդէս կու գայ հայերուն դէմ ոչ միայն զէնքը ձեռքին ու ֆիզիքական լաւ պատրաստուածութեամբ, այլ նաեւ զինուելով մտային ու այլ միջոցներով, որոնք կը պահանջուին արդի աշխարհին մէջ», յայտարարած է Հասանով:

 

Share this Article
CATEGORIES