Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Վճիռը. Զուիցերիա Ոտնահարած Է Փերինչեքի Խօսքի Ազատութիւնը

Տողու Փերինչեք

Տողու Փերինչեք

Զուիցերիական «20մինիւթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը վճռած է, որ Զուիցերիա ոտնահարած է Թուրքիոյ Աշխատաւորներու կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը: Վերջինս մարտ 2007-ին Լոզանի ոստիկանութեան դատարանին կողմէ 90 օր բանտարկութեան եւ երեք հազար ֆրանք տուգանքի ենթարկուած էր ցեղային խտրականութեան համար: Դաշնակցային դատարանը հաստատած էր այդ վճիռը:

Ըստ եւրոպական դատարանին, Փերինչեք Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» որակելով իրաւունքի չարաշահում չէր գործած: Դատարանը կը յիշեցնէ, որ «նուրբ եւ դժգոհութիւն պատճառելու հակամէտ հարցերը հրապարակաւ քննարկելու իրաւունքի գործադրումը խօսքի ազատութեան հիմնական երեւոյթներէն մէկն է»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ դատարանը կասկած կը յայտնէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ ընդհանուր համախոհութիւն մը գոյութիւն ունի: Միջազգային ընտանիքը կազմող 190 երկիրներէն միայն շուրջ քսան երկիրներ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են:

Դատարանը այս հարցը յստակ կերպով կը զատորոշէ Ողջակիզումի ժխտումէն` նշելով, որ վերջինիս պարագային զայն ժխտողները պատմական երբեմն շատ շօշափելի տուեալներ հերքած են, ինչպէս` կազի սենեակներու գոյութիւնը:

Դատարանը կը յիշեցնէ, որ Փերինչեք Լոզանի մէջ դատապարտուած էր, սակայն Պեռն-Լոփեն դատարանը զինք անպարտ արձակած էր: Դատարանը նաեւ յղում կը կատարէ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին, որ փետրուար 2012-ին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման օրէնքը հակասահմանադրական յայտարարեց:

Իբրեւ եզրակացութիւն դատարանը վճռած է, որ զուիցերիական իշխանութիւններուն կողմէ Տողու Փերինչեքի դատապարտման համար օգտագործած դրդապատճառներուն բոլորը պատշաճ չեն եւ ընդհանուր առմամբ անբաւարար են: Դատապարտումը չէր համապատասխաներ «ընկերային հրատապ պահանջի մը» եւ 1915-ին ու յաջորդող տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած բռնարարքներու զոհերու ժառանգներուն պատիւն ու զգացումները պաշտպանելու համար:

Փերինչեք նիւթական վնասներու համար քսան հազար եւրօ եւ բարոյական վնասի համար 100 հազար եւրօ պահանջած էր, սակայն դատարանը երկու պահանջներն ալ մերժեց` դատելով, որ խօսքի ազատութեան ոտնահարման հաստատումը բաւարար է` դարմանելու համար գործուած սխալը:

 

Share this Article
CATEGORIES