Ըստ «Լը Մոնտ»-ի. Յառաջիկայ Ամիսներուն Ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնք Մը Պիտի Ներկայացուի

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ընտրական խոստումին հիմամբ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը պիտի ներկայացնէ: Սակայն դիւանագիտական պատճառներով յունուար 2014-ին նախատեսուած Հոլլանտի Թուրքիա այցելութենէն առաջ այս առնչութեամբ պաշտօնապէս ոչինչ պիտի յայտարարուի:

Նշեալ յայտարարութիւնը կրնայ կատարուիլ չորս ամիս ետք` մայիս 2014-ին Հոլլանտի Հայաստան այցելութեան ընթացքին: Օրաթերթը կը նշէ, որ նախագահը այդ այցելութիւնը հաստատած է 16 դեկտեմբերին` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ Էլիզէի պալատին մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Այդպիսի ժամանակացոյց մը պիտի արտօնէ, որ օրինագիծը որդեգրուի ապրիլ 2015-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )