Արծուիկ Մինասեան Պարգեւատրուեցաւ Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ոսկիէ Յուշամետալով

ArdzvigՆախանցեալ օր Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան լսարանին մէջ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան պարգեւատրուեցաւ մեծ մարդասէր, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսենի ոսկիէ յուշամետալով: Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսենի հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան յայտարարեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշումը. Արծուիկ Մինասեան կը պարգեւատրուի հասարակական-քաղաքական մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման, Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալած աշխատանքներուն համար:

Բախչինեան նշեց, որ Նանսենի ոսկիէ յուշամետալին կ՛արժանանայ հայորդի մը, որ իր ապրած կեանքով եւ իր գործունէութեամբ Նանսենի գործի շարունակողն է Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ան արդարացիօրէն կրնայ ոչ միայն Հայ դատը պաշտպանել, այլ նաեւ դրսեւորել իր քաղաքացիական ոգին: «Արծուիկ Մինասեան կրնայ իր կիրթ, գրագէտ աշխատանքով նոր քար մը դնել մեր նորանկախ պետութեան կայացման գործին մէջ», ըսաւ ան:

Մինասեան նշեց, որ այս պարգեւը հաճելի էր ու պարտաւորեցնող: Ատիկա կը պարտաւորեցնէ ըլլալ Նանսենի նման, որ ըլլալով այլազգի, կրցաւ հայութեան դատը պաշտպանել: «Մենք եռակի, քառակի, տասնապատիկ աւելին պէտք է ընենք, որպէսզի ցոյց տանք մեծ մարդասէրին հայասիրութիւնը: Շատ կարեւոր է, որ պայքարը հիմնուած չըլլայ թշնամանքի վրայ, այլ պիտի ըլլայ բացառապէս հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ պետականութեան ամրապնդման սկզբունքներով: Իւրաքանչիւրիդ իմ յորդորս է` սիրեցէ՛ք մեր ժողովուրդը, մեր երկիրը եւ մեր պետութիւնը, ինչպէս սեփական ծնողքը: Այդ ժամանակ մենք կրնանք իրականութիւն դարձնել Նանսենի երազածը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES