Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին
Նորին Վսեմութիւն
Տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան
Սիրելի՛ պրն. նախագահ,
Այս առաւօտ խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի հօր` Ազատ Աւետիսի Սարգսեանի մահուան գոյժը:
Այս տխուր առիթով անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ու ժողովականութեան, Ձերդ վսեմութեան կը յայտնենք մեր խորազգած ցաւակցութիւնները:
Կը հայցենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Ազատ Աւետիսի Սարգսեանի հոգին եւ զինք յաւիտենական կեանքի արժանացնէ:
Կ՛աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն, եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցով մխիթարէ Ձեզ եւ Սարգսեան ընտանիքի սգակիր անդամները: Թող Ձեր սիրելի հօր յիշատակը միշտ վառ մնայ իր զաւակներուն ու հարազատներուն հոգիներուն մէջ:
Հայրապետական սիրոյ ողջունիւ եւ վշտակցութեամբ,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

