Հայաստան Պիտի Այցելէ Փենթակոնի Բարձրաստիճան Պաշտօնեան
Երկկողմանի պաշտօնական համագործակցութեան հարցերով խորհրդակցութիւններու նպատակով այսօր Հայաստան պիտի ժամանէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարարի Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական տոքթ. Էվըլին Ֆարքաս:
Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ գիտական շրջանակներու փորձագէտներուն հետ:
«Այցելութիւնը կը նախանշէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ամուր ու զարգացող համագործակցութիւնը պաշտպանութեան մարզին մէջ: Տոքթ. Ֆարքաս իր քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարէ երկու երկիրներուն համար փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան մարզերուն, ինչպէս` դաշնակցային ու խաղաղապահ գործողութիւնները, ուսուցումները Հայաստանի զինուորներու եւ Եւրոպական հրամանատարութեան ու Քանսասի ազգային պահակագունդի ուժերու մասնակցութեամբ եւ շրջանային ապահովութիւնը», նշուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ: