Ֆրանսահայերու Հանդիպում Նախագահ Հոլլանտի Հետ
Ֆրանսայի նախագահութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչներ Մուրատ Փափազեանը, Արա Թորանեանը եւ Ալեքսիս Կէօվճեանը:
Նախագահը գնահատած է մշակոյթի եւ հայկական յիշողութեան պահպանման ի նպաստ խորհուրդին տարած աշխատանքը:
Խորհուրդի ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցած են ազգային յիշողութեան կեդրոն մը ստեղծելու իրենց ծրագիրը, որուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է նախագահը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները նաեւ արծարծած են 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման նախապատրաստական աշխատանքները:
Հոլլանտ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հաստատած է, որ մայիս 2014-ին պիտի այցելէ Հայաստան` ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին: