«Նախագահ Սարգսեանին Ճիշդ Մասնագիտական Մօտեցում Չեն Փոխանցած» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան դրական չգնահատեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի տեսակէտը պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին վերաբերեալ: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մինասեան նշեց, որ վերջերս ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է կենսաթոշակային բարեփոխումներուն` ըսելով. «Հեքիաթներ հնարած են` սերունդներու համերաշխութեամբ տարիներով, տասնամեակներով եղած համակարգը կը ջարդեն: Ո՞վ ըսած է, որ կը ջարդեն: Այդ համակարգը պիտի մնայ: Մենք կ՛ըսենք` լրացուցիչ ասիկա ալ կ՛ուզենք: Շատ դրական կը գնահատեմ»:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, սերունդներու համերաշխութեան գաղափարը իսկապէս կը վերանայ կուտակային բաղադրիչի կիրարկման պարագային եւ եթէ նախագահին ճիշդ մասնագիտական մօտեցում չեն փոխանցած, ապա անոր մեղաւորները կառավարութիւնը եւ համապատասխան շրջանակներն են: Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ ոեւէ մէկը կենսաթոշակային բարեփոխումներուն դէմ չէ, պարզապէս այդ բարեփոխումները պէտք է լուծեն յստակ խնդիրներ` ժողովրդագրական վիճակի բարելաւում, աշխատատեղերու ստեղծում, արդարութեան համակարգի վերականգնում եւ ամէնէն կարեւորը` կենսաթոշակառուներուն արժանապատիւ թոշակի տրամադրում:
Ըստ պատգամաւորին, խնդիրներու այդ փունջը կրնայ լուծուիլ միայն այն պարագային, երբ կառավարութիւնը իր լիազօրութիւնները ամբողջութեամբ իրականացնէ` իբրեւ տնտեսական քաղաքականութեան եւ կենսամակարդակի բարձրացման ուղղուած ծրագիրներու կատարման պատասխանատու: «Հարցը այն է, որ կառավարութիւնը, աւելի մեծ հաշուով իշխանութիւնը, չյաջողելով կատարել իր հիմնական պաշտօնը, կը փորձէ բեռը տեղափոխել ապագայ սերունդներուն վրայ, ինչ որ կը կտրէ կապը ներկայ սերունդին հետ, եւ որեւէ երաշխիք չկայ ըսելու, որ ապագային աւելի լաւ թոշակային համակարգ պիտի ունենանք», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:
Ինչ կը վերաբերի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն կարծիքին, որ արժանապատիւ թոշակներու հարցը պէտք է լուծէին նախորդ իշխանութիւնները, որպէսզի ներկայ իշխանութիւնները ստիպուած չըլլային ներում հայցելու թոշակառուներէն, Մինասեան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը բոլոր ժամանակներուն ալ իշխանութիւն եղած է, ուստի եթէ մեղադրանք ուղղելու հարց կայ, ապա ան նաեւ պէտք է ինքնիրեն ուղղէ: Պատգամաւորը նշեց, որ կարելի չէ արդարացնել բան մը, որուն կանխատեսելիութիւնը մշուշոտ է, յատկապէս ճիշդ չէ այդ մշուշին մէջ մեղադրել նախորդ իշխանութիւնները, որ անոնք քայլ չեն կատարած:
Մինասեան նշեց, որ այն երկիրները, որոնք որդեգրած են պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի անհրաժեշտութիւնը, ատիկա իրականացուցած են որոշակի վիճակին համապատասխան, ինչ որ Հայաստանի մէջ ատիկա անհամապատասխան է: Ըստ անոր, ահա թէ ինչու նախորդ որեւէ իշխանութիւն չէր կրնար ատիկա իրականացնել, որովհետեւ Հայաստան իր անկախութեան տարիներէն սկսեալ անընդհատ ունեցած է ընկերային-տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ` աղքատութիւն, անգործութիւն, արտագաղթ: Իսկ այդպիսի պայմաններու մէջ այդպիսի բարեփոխում չի կատարուիր: Ըստ Մինասեանի, այլ հարց է, որ կենսաթոշակային համակարգին մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւն կայ: Տակաւին 2008 թուականին, երբ ներկայ նախագահը վարչապետ էր, վէճ տեղի կ՛ունենար, թէ արդեօք կարելի՞ է կենսաթոշակները բարձրացնել: Այն ժամանակ Դաշնակցութիւնը պնդեց, որ ատիկա կարելի է, բայց ատիկա պէտք է իրականացնել շարունակական սկզբունքով, այլ ոչ թէ մէկ անգամուան քայլով:
«Այն ժամանակ վարչապետ Սերժ Սարգսեան յայտնի խորհրդակցութեան մը ժամանակ յայտարարեց, որ կախարդական փայտիկ պէտք է, որպէսզի ատիկա իրականացուի: Անոնք հեքիաթներ են եւ ատիկա կարելի չէ: Ի հակադրութիւն իր խօսքերուն, երբ ան երկրորդ անգամ վարչապետ նշանակուեցաւ, թոշակները 60 առ հարիւրով բարձրացան», յայտնեց դաշնակցական պատգամաւորը: