Թուրք Պատմաբաններ Կը Քննադատեն Տաւութօղլուի «Հայամէտ» Յայտարարութիւնները

Եուսուֆ Հալաճօղլու
Թուրք պատմաբաններ քննադատած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն` դէպի Հայաստան իր ճամբորդութեան ընթացքին որոշ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «հայերու տեղահանութիւնը անմարդկային քայլ» որակելուն համար:
Պատմաբանները կը նշեն, որ Տաւութօղլուի այս յայտարարութիւնը Թուրքիան միջազգային հանրութեան առջեւ ծանր վիճակի մէջ պիտի դնէ:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախկին ղեկավար Եուսուֆ Հալաճօղլու յայտարարած է. «Եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հանրութենէն չամչնայ, պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Ան մեկնաբանելով Տաւութօղլուի խօսքերը ըսած է. «Կառավարութեան` հայերու նկատմամբ քաղաքականութիւնը, սահմաններու բացման նման նիւթերը աչքի առջեւ ունենալով` պիտի հասկնաք, որ Ահմեթ Տաւութօղլու կամ կառավարութիւնը մտադիր են ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երբ ես թրքական պատմագիտական ընկերութեան մէջ էի, այդ հարցին առնչութեամբ լուրջ աշխատութիւններ կատարած էինք: Չեմ կարծեր, որ կառավարութիւնը լրջօրէն, իրականութեան հետ կապ ունեցող քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ: Եթէ հանրութենէն չամչնան` Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնան»:
Պատմաբան Մեհմեթ Փերինչեք իր կարգին ըսած է. «Թուրքիա սկսած է Հայաստանի նկատմամբ ետքայլ ընելու խօսքեր ըսել: Տաւութօղլուի խօսքերը իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին»:
Ան Տաւութօղլուի եւ թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը այսպէս կը բնութագրէ. «Թուրքիան մինչեւ հիմա կենսական հարցերուն մէջ կարմիր գիծ ունէր: Հայկական հարցին, Կիպրոսի խնդիրին առնչութեամբ ինչ ուժ ալ իշխանութեան գար, շատ տարբեր քաղաքականութիւն չէր իրականացներ»:

