Տաւութօղլու Կը Մեղադրուի «Ազրպէյճանին Դաւաճանելու Յանցանքով»

Davutoglu1712Virtual.az կայքէջը` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներու, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, որ վերջերս Երեւան այցելած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին մասնակցելու նպատակով, խիստ քննադատութեան արժանացած է թրքական ընդդիմութեան կողմէ: Ըստ կայքէջին, Տաւութօղլու խիստ քննադատութեան արժանացած է ընդդիմութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 2014-ի պիւտճէի քննարկման ընթացքին:

Երեսփոխանները Տաւութօղլուէն պահանջած են պատմել Երեւան այցելութեան նպատակներուն եւ «հայերու հետ ձեռք բերուած գաղտնի համաձայնութիւններուն մասին»: Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Թորկուլ Թիւրքեշ Տաւութօղլուէն պահանջած է պարզաբանել իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մերձակայ շրջանները փոխանցելու շուրջ բանակցութիւններու հետ կապուած եւ յայտարարութիւնը այն մասին, որ Թուրքիա կը ճանչնայ 1915-ի իրադարձութիւններուն համար մեղքը:

Ի պատասխան Ահմեթ Տաւութօղլու յիշեցուցած է, որ Թորկուլ Թիւրքեշի հայրը` Ալփասլան Թիւրքեշ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պատերազմի ժամանակ հանդիպած է ու բանակցած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ:

«Ես ձեր հօր քայլը սխալ չեմ նկատեր, ինչպէս որ սխալ չեմ նկատեր նաեւ իմ այցելութիւնս Երեւան», ըսած է Տաւութօղլու: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Օսման Քորութուրք պահանջած է, որ երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան Հայաստանի հետ բանակցութիւնները թափանցիկ ըլլան ու արդիւնքներու մասին զեկուցուի հանրութեան:

Օսման Քորութուրք նաեւ Տաւութօղլուն անուանած է վատագոյն նախարարը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: «Հայաստանի հետ բանակցիլը յանցագործութիւն չէ: Յանցագործութիւն է Ազրպէյճանի շահերուն դաւաճանութիւնն ու հայ-թրքական սահմանի բացումը ղարաբաղեան տագնապի անլոյծ մնալուն պարագային: Զիս կը զարմացնէ, որ դուք, նախարար ըլլալով, չէք նկատեր այս պարզ իրողութիւնները», ըստ ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջին ըսած է Քորութուրք:

Մէկ օր առաջ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Օքթայ Վուրալ եւս քննադատած էր Տաւութօղլուն: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ան վրդոված էր Տաւութօղլուի այն արտայայտութենէն, թէ «1915-ի հայերու բռնագաղթը անմարդկային արարք էր»:

«Դուն ֆրանսացի միջնո՞րդ ես, թէ՞ նախարար: Դուն թրքական կողմի շահերը պաշտպանող պաշտօնեա՞յ ես, թէ՞ ոչ: Փոխանակ բացատրելու, թէ թուրք ազգը ինչպէ՛ս կը վերաբերի բռնագաղթին, դուն զայն կը բնութագրես իբրեւ «անմարդկային քայլ»: Ցեղասպանութեան քու այդ ակնարկով դուն կը դաւաճանես թուրք ազգի անցեալին: Հասկնալի է, որ Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութիւնը մտադիր է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Այո՛, ձեր խօսքերը այդ կը վկայեն, որ հայերը իրաւացի են, եւ դուք կ՛օրինականացնէք անոնց պնդումները: Փաստօրէն, Թուրքիա արդէն հրաժարած է պաշտպանութենէն եւ առիթ կը փնտռէ յանձնուելու համար», յայտարարած է Վուրալ:

Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները մտադիր են ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնելու հողերը: Վուրալ շարունակելով ուրացման քաղաքականութիւնը` անգամ մը եւս նշած է, որ բռնագաղթը կատարուած է բացառապէս անվտանգութեան նկատառումներով եւ ազգային այլ պատճառներ չէ հետապնդած:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )