Ազրպէյճան Մէկ Շաբթուան Մէջ 160 Անգամ Խախտեց Զինադադարը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 8-14 դեկտեմբերին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 160 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 700 կրակոցներ:
«Բանակի յառաջապահ զօրամասերը, տուրք չտալով հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն, շարունակեցին հաւատարիմ մնալ զինադադարի պահպանման դրութեան եւ առաջին գիծի ամբողջ երկայնքով վստահօրէն իրականացուցին մարտական հերթապահութիւն», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

