Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Դէպի Սահմանադրական Դատարան Երթը Կայացաւ

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ ազգային քոնկրես եւ Ժառանգութիւն խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ «Ընդդէմ պարտադիր կենսաթոշակային վճարումներու» նախաձեռնութեան անդամները երէկ հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուրկէ սկիզբ առաւ երթը դէպի Սահմանադրական դատարան` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, մասնաւորաբար` պարտադիր բաղադրիչի կիրարկումը հակասահմանադրական ճաչնալու պահանջով: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները բարձրացուցին «Կը պահանջենք», «Ոչ թալանին» պաստառները: «Մենք պիտի չարտագաղթենք եւ պիտի պայքարինք հակասահմանադրական օրէնքներուն դէմ», բարձրախօսով յայտարարեց նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը: «Ոչ, ոչ», «Դէմ ենք» վանկարկումներով եւ բազմաթիւ պաստառներով մասնակիցները քալեցին դէպի դատարան: Երթին սկիզբը ոստիկանութիւնը փորձեց խոչընդոտել մարդոց մուտքը փողոցի բանուկ հատուած, սակայն յետոյ թոյլատրեց, եւ երթը շարունակուեցաւ դէպի Բաղրամեան պողոտայ:

Երթին մասնակիցները նաեւ բոլորին կոչ ուղղեցին միանալու իրենց պայքարին, ու թոյլ չտալու իշխանութիւններուն մտնելու իրենց գրպանը եւ վերցնելու իրենց քրտինքով վաստկածը:

Երթէն առաջ ընդդիմադիր պատգամաւորները խօսքեր առին: Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ իրենք մինչեւ վերջ պիտի պայքարին, պիտի դիմեն բոլոր քայլերուն` այդ օրէնքը չեղեալ նկատելու համար: Ան յայտարարեց, որ այս օրէնքը պիտի հարուածէ բոլոր գրպանները եւ ասիկա հարուած է մեր ազգային արժեհամակարգին: Ըստ անոր, երկրին պայմաններուն մէջ այսպիսի օրէնքի գործադրութիւնը անթոյլատրելի է:

Սահմանադրական դատարանէն բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն դիմաւորեց Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Առուշան Յակոբեան, որուն պաշտօնապէս յանձնուեցաւ չորս խմբակցութիւններու դիմումը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES