Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ջանացէք զանազանել խաբող ժպիտը` անկեղծէն: Հաւատացէք գործին, գործողին, եւ ոչ` խօսքին ու խօսողին: Իմաստութիւն կը թելադրուի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ յոգնիք անկարեւոր հարցեր արծարծելով, տնային թէ աշխատանքի վերաբերեալ մտմտուք ստեղծելով: Ձեր ժամանակը տրամադրեցէք ստեղծագործական աշխատանքի: Օրը ունի քաջալերական առիթներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ունեցածէն աւելի ծախսեր մի՛ ընէք` ապաւինելով վաղուան ձեր ստանալիքին կամ յաւելեալ շահերու: Որքան ալ նիւթապէս ապահով ըլլաք, դարձեալ մտածեցէք խնայողութեան մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շարունակեցէք ձեր սկսած աշխատանքը` առանց երկմտելու կամ կասկածելու ձեռք բերելիք արդիւնքին մասին: Կասկածը կը ջլատէ ձեր ուժը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օգտակար պիտի ըլլաք կարօտեալ անձի մը, զոր չէք ճանչնար: Ձեր վերաբերումը պիտի գնահատուի, որովհետեւ ունեցաք մարդկային խղճմտանք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ փոքր ձախողութիւն մը ունենաք աշխատանքի կամ ընտանեկան յարկի տակ, մի՛ յուսահատիք: Հետեւեցէք կեանքի օրէնքին. եթէ օր մը անձրեւ է, յաջորդ օրը արեւ կը ծագի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տոմս մը գնեցէք վիճակահանութեան մը մասնակցելով: Յոյսով սպասելը հոգեկան գոհունակութիւն կու տայ: Երջանկութիւնը միայն նիւթի մէջ մի՛ փնտռէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերային հաւաքական աշխատանքի մը ձեր մասնակցութիւնը պիտի բերէք: Ձեր բարեսիրական վերաբերումը պիտի վարձատրուի եւ գնահատուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դատական հարց մը պարզաբանելու համար պիտի դիմեն ձեզի: Մնացէք անկողմնակալ, եթէ նոյնիսկ կողմերէն մէկը ձեզի հարազատ մը ըլլայ: Արդար եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բոլոր փայլուն իրերը ոսկի մի՛ կարծէք: Զգացական ըլլալէ աւելի` տրամաբանող եղէք հարց մը քննարկելու պարագային: Իմաստութիւնը կարեւոր է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ծրագիրը պիտի ներկայացնէք փորձագէտի մը, որ պիտի ընդունի ձեր որոշումը: Այս առիթով կրնաք արժանանալ նիւթական պարգեւի մը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այժմէն պատրաստուեցէք յառաջիկայ տօնական օրերուն համար: Նիւթական խնայասիրութեամբ է, որ պիտի կարենաք օգտակար ըլլալ ձեր շուրջիններուն:

