50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1963)

Սովետ «Պլան»-ները Եւ… Օղին

Խորհրդային Միութեան մէջ պայքար մը ծայր տուած է ոգելից ըմպելիի գործածութեան դէմ: Համայնավար տեսաբաններ օղին կը նկատեն գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը… խորհրդային երկրագործութեան ձախողութեան եւ ստեղծուած անել կացութեան:

«Սովետական Հայաստան» օրաթերթը ծաղրանկարներով եւ յօդուածներով կը խարանէ խմանները…

Այդ նկարներէն մէկը ցոյց կու տայ, օրինակ, աշխատաւոր մը, որ մատնանշելով ապրանքով լեցուն բեռնակառք մը, կը յայտարարէ.

– «Իսկապէ՜ս որ օղի չխմել լաւ բան է, պլաններս դերակատարեցի»:

Իսկ անդին, ոգելից ըմպելիներու վաճառորդ մը կ՛աւաղէ՜.- «Էս միամսեակը ուղղակի ձախողեց գործս, պլաններս չեն կատարուած»:

Ինչպէս կը տեսնուի, խմո՜ղն ալ «պլան» ունի, ծախո՜ղն ալ. ու խորհրդային պետութիւնը կը ջանայ միջին պլան մը գտնել` իրագործելու համար գաղափարական գինովութիւնը համայնավարութեան:

Խորհրդային ժողովուրդները,- կ՛ըսեն յաճախ խորհրդային ղեկավարներ,- կը գտնուին ընկերվարութեան կառուցման ճամբուն վրայ: Երկրորդ շրջանը պիտի ըլլայ Համայնավարութիւնը, որուն ընթացքին պիտի անհետանան անցեալի դրամատիրական օրերու բոլոր հին սովորութիւնները, որոնց կարգին` խմելու մոլութիւնը:

Սովետ խման գիւղացի մը, այս առթիւ իր կարծիքը գաղտնաբար խոստովանած է այցելուի մը` հետեւեալ կերպով.

– Մեր ղեկավար ընկերը անպայման չափազանց խմած ըլլալու է, անգիտակից վիճակի մէջ այդ յայտարարութիւնը կատարելու համար:

«Մենք քառասունհինգ տարիէ ի վեր կ՛ապրինք գինովութեան ամէնէն գէշ տեսակին` գաղափարական համայնավար գինովութեան մէջ: Ապացոյց` ա՛յն, որ պետութիւնը, օգտուելով մեր վիճակէն, կը կողոպտէ մեզ, մեր աշխատանքի արդիւնքը իւրացնելով:

«Եւ եթէ ասիկա «Առաջին շրջանն է» տակաւին, Աստուած պահէ՜ մեզ… երկրորդ շրջանէն: Ես հիմա ըմբռնեցի, թէ ամենագէշ գինովութիւնը` կարմիր Ագիտատորի մը ճառերէն, եւ համայնավար թերթերու ամէնօրեայ քարոզներէն առաջ կու գայ: Մե՛ղք է անմեղ գինիին եւ քոնեակին: Պէտք է վերականգնել անոնց պատիւը` մարդկութեան առջեւ»…:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Կինը` Երկրէ Երկիր

Ամերիկուհին

Եթէ կայ կին մը, որ իրական թագուհի մըն է իր երկրին մէջ ու բացարձակ ազատութիւն եւ այր մարդուն հետ հաւասար իրաւունքներ կը վայելէ, այդ կինը` ամերիկուհին է: Ձեռնարկներու եւ զանազան սպասարկութեանց մէջ ունի բանալի դիրեր (պաշտօններ) եւ նոյնիսկ կ՛ըսուի, թէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց ընթացքին, հաւանաբար կին մը թեկնածութիւն դնէ նախագահութեան համար: Նման բան մը կարելի չէ երեւակայել ուրիշ որեւէ երկրի մէջ:

Տարակոյս չկայ, թէ Ամերիկայի մէջ կինը ամենազօր է եւ ամենակարող: Նորագոյն վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ երկրի տնտեսութեան երեք չորրորդը կիներու ձեռքը կը գտնուի:

Մեծ ընկերութիւններու մէջ, բաժնեթուղթերու 65 առ հարիւրը կը պատկանի կիներու, իսկ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն` 65 առ հարիւրը:

Կնոջ ամենազօրութիւնը միայն տնտեսական չէ, այլ նաեւ քաղաքական: 1958-ի ընտրութեանց ընթացքին, կին քուէարկուներու թիւը հասաւ 45 միլիոնի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեսփոխաններէն եւ ծերակուտականներէն շատեր կ՛ընտրուին կիներու քուէներով: Նախագահութեան թեկնածուի մը ճակատագիրը կախուած է ամերիկուհիի քուէէն:

Երկրին գրեթէ ամբողջ մշակութային եւ քաղաքակրթական կեանքը կախուած է ամերիկուհիէն: Զաւակները կրթելը, գիրքեր կամ նկարներ գնելը, թատերական ներկայացումներու հետեւիլը, եւ ընդհանուր առմամբ նաեւ ժամանցները, ամուսինին հագուստ-կապուստը, անոր մասնաւոր կեանքը եւ գործունէութիւնը, կնոջ վերաբերող հարցեր են: Այր մարդը պզտիկուց կը սորվի ստորադաս էակ մը ըլլալ:

Այս բոլորէն ետք, ամերիկուհին ինքզինք պէտք է երջանիկ զգայ:

Իտալացի կին ընկերաբանի մը կարծիքով, այս կացութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ շփոթ մը կայ սեռերուն միջեւ: Ամերիկացի կինը որոշ չափով այր մարդ է, կարգ մը պարտականութեանց եւ պարտաւորութեանց կատարման մէջ, եւ այս կացութիւնը իր անդրադարձը կ՛ունենայ իր ամբողջ վարուելակերպին եւ դրսերեւոյթին վրայ: Եւ որոշ չափով մըն ալ, իր զգացական ու սեռային աշխարհին վրայ: Ամերիկուհին սեռականութիւն չունեցող հրէշ մըն է: Կնոջ եւ այր մարդուն սիրային վերաբերումին մէջ որոշ բաժանում չկայ: Այր մարդը իր կենսունակութիւնը կը կորսնցնէ, իսկ կինը այր կը դառնայ: Գայթակղեցուցիչ երեւոյթ մըն է, որ կը սկսի նշմարուիլ գերարդիական ընկերութեանց մէջ եւ որ հաւանաբար, սպառնալիք մը դառնայ:

Կինը կը սկսի այր մարդու պէս վարուիլ, կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ գերիշխել եւ այր մարդուն դերը սահմանափակել: Կինը կը գերիշխէ, իր ցանկութիւնները կը պարտադրէ եւ այր մարդը գործադիր մարմինի մը կը վերածուի:

Քաղեց` Ե. ՎՐՈՅՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES