Կարեւոր Գործեր, Որոնք Պէտք Է Կատարել Մինչեւ Նոր Տարի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

150911-woman-giftsԿարգի բերէք ձեր արտաքին տեսքը, քալեցէք, մարզանք ըրէք, ուշադիր եղէք ձեր ուտելիքներուն, որպէսզի Նոր տարուան գիշերը վայելուչ եւ գրաւիչ երեւիք:

2

Parti-Coiffure-2013---la-plus-belle-de-l’année-2013

 

Փոխեցէք ձեր արտաքին տեսքը, յաճախ արտաքին փոփոխութիւնները կը բերեն ներքին փոփոխութիւններ: Փոխեցէք ձեր սանտրուածքը կամ մազերուն գոյնը, ակնոցին շրջանակը եւ նման բաներ: Պզտիկ փոփոխութիւններ նաեւ կը բարձրացնեն ձեր տրամադրութիւնը:

 

3

Նոր տարուան շեմին վերադարձուցէք ձեր պարտքերը եւ Ամանորը դիմաւորեցէք թեթեւցած հոգիով:

4

Գնեցէք ձեր նուէրները: Վերջին օրը ծանրաբեռնուած պիտի ըլլաք այլ գործերով, եւ բնականաբար նուէր փնտռելն ու գնելը տաղտուկի պիտի վերածուին, պիտի դառնաք դիւրագրգիռ եւ ջղային:

5

Յարդարեցէք ձեր տունը: Նոյնիսկ եթէ տօնածառ զարդարելու պատրաստ չէք, առնուազն քանի մը զարդ (մոմ, Կաղանդի պսակ, արձանիկներ…) գնեցէք եւ տան մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծեցէք:

6

faire-une-liste-de-taches-efficaceԱմանորի ճաշացուցակը պատրաստեցէք եւ արդէն իսկ որոշ գնումներ կատարեցէք, ամէն բան վերջին օրուան մի՛ ձգէք:

7

Ամանորեայ ընթրիքի գործերը բաժնուեցէք, որպէսզի մէկ հոգիի վրայ չբեռցուին գործերը, եւ ամէն մարդ  պարտականութիւն մը ստանձնէ:

8

Բարի գործ մը կատարեցէք: Այցելեցէք ծերանոց, որբանոց կամ բարեսիրական որեւէ հաստատութիւն եւ սրտաբուխ նուէրով մը երջանկացուցէք գուրգուրանքի եւ ուշադրութեան կարօտ անձեր:

9

Կատարեցէք ձեր խոստումները: Եթէ ոեւէ մէկուն բան մը խոստացած էիք, ջանացէք անպայման կատարել ձեր խոստումը:

10

Ներողամիտ եւ հաշտարար եղէք: Եթէ ոեւէ անձ ցաւցուցած է ձեզ Նոր տարուան շեմին ներողամիտ եղէք եւ ձեր ետին նետեցէք քէնն ու ոխը եւ Նոր տարին դիմաւորեցէք մաքուր սրտով:

 

Ռուբէն Հախվերդեանի
Ինքնատիպ Ամանորը

221102051357118739Անցեալ տարի, հարցազրոյցի մը ընթացքին, երգիչ երգահան, Ռուբէն Հախվերդեան պատմած է, «31-ի առաւօտեան մենք տղաներով, միշտ ձոր կ՛իջնենք, կը մտնենք սառը ջրի տակ եւ միասին կը փակենք հին տարին»:

Ան յայտնած է, թէ ինք Նոր տարին կը դիմաւորէ բոլորին նման. բայց, ընդհանուր, առմամբ տօնական օրերուն ինք կը ձանձրանայ: «Կինս պասուց տոլմա պատրաստած է, թփով տոլմա ալ ես մնացեալ բոլոր բաները սեղանին վրայ կան: Բայց ինծի համար նախորդ տարիներուն ալ, հիմա ալ միշտ ձանձրալի եղած է: Ես ինքն ինձ համար կը հնարեմ Նոր տարի` անկախ տարուան եղանակէն»:

«Որ ժողովուրդը այս օրը եկեղեցի պէտք է երթայ անպայման, ես չեմ երթար, միւս օրը կ՛երթամ: Նոր տարուան օրը բոլորը ուրախ են, իսկ ինձ համար բոլորովին միեւնոյնն է: Շատ հնարաւոր է, որ ես մի օր արթննամ եւ ասեմ` «Արա, Էսօր Նոր տարի է», եւ էդ օրը ինձ համար Նոր տարի սարքեմ», յայտնած է երգիչը:

Հախվերդեան թոռնիկներուն եւ սանիկներուն նուէրները կու տայ տօնէն առաջ, անոր կարծիքով թոռնիկները Ձմեռ պապիկէն մեծ սպասելիքներ չունին, գիտեն, թէ իրենց պապիկը Ձմեռ պապիկէն պակաս չէ…

Ան հարցազրոյցի աւարտին յայտնած է. «Մեր ժողովուրդին կը մաղթեմ բարեկեցութիւն եւ ղեկավարուին գրագէտ մարդոց կողմէ»:

 

Հետաքրքրական

Ախորժաբեր Արձանիկներ

 

Սէուտցի Ահլամ Նաժտի դարձած է համացանցի իսկական աստղ` շնորհիւ կաւէ պատրաստուած քաղցրաւենիքներու եւ փոքր իրերու կրկնօրինակներու լուսանկարներուն:

30 տարեկան Ահլամը, որ ունի աւելի քան 1 միլիոն հետեւորդ, դարձած է լուսանկարչական շրջանակներու ամենայայտնի արաբ կինը:

Ահլամ կը պատմէ, թէ ոչ ոք իրեն կը վճարէ գովազդներուն համար, սակայն իր տաղանդին մասին գրած երկու գիրքերը մեծ եկամուտներ ապահովեր են իրեն:

«Իմ աշխատանքս կը փաստէ, որ պէտք է քիչ մը ձգտում եւ յամառութիւն ունենալ, եւ ոեւէ երիտասարդ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կրնայ յաջող ասպարէզ ձեռք բերել», կ՛ըսէ Ահլամ

Ստորեւ հետաքրքրական նմուշներ` Ահլամի ստեղծագործութիւններէն:

AmazingInstagram

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

 Գաթայ

kataԲաղադրութիւն

1 քիլօ կարագ
500 կրամ թթուասեր
100 կրամ մածուն
3 հաւկիթ
2,5 քիլօ ալիւր
1 թէյի դգալ խնձորի քացախ
1 քիլօ շաքար
1 թէյի դգալ սոտա

Պատրաստութիւն

Առնել 500 կրամ կարագ եւ խառնել եւ 1 քիլօ ալիւրի եւ 1 քիլօ շաքարի, սոտայի հետ: Այս խառնուրդը խորիզն է:

Առնել 1 քիլօ ալիւր եւ խառնել 500 կրամ կարագի, 3 հաւկիթի, մածունի, թթուասերի, քացախի եւ սոտայի հետ, խառնել բոլոր բաղադրիչները եւ վեց խմորի կտորներու բաժնել: Ձգել 10 վայրկեան, որպէսզի խմորը հանգչի: Բանալ իւրաքանչիւր խմորը առանձին` օգտագործելով մնացած ալիւրը եւ խորիզը դնել, մէջտեղը: Խմորը ծածկել հաւկիթի դեղնուցով եւ եփել 180 ջերմաստիճանով, 25-30 վայրկեան:

 

Նոր Տարուան Շեմին

Հասաւ Տարին, Նոր Տարին շոճանտառին շաւիղէն,
Ուր լոյս ձիւներն ողջոյնի սնդուս դրօշներ փռեր են.
Հասաւ, երկար սպասուած` բայց կարճատեւ այցելու,
Տուներն երգով լեցնելու եւ կաղանդով պճնելու:
Եկաւ Տարին լուսազգեստ հարսնեւորի մը հանգոյն,
Իր հետ նուէր բերելով օրհնեալ կեանքի նոր խոստում
Եկաւ այս ծեր, այս տխուր աշխարհին դէմ բանալով
Նոր երազներ, նոր յոյսի հորիզոններ հոգեթով:
Զանգակներու գագաթէն թնդաց Տարին` յաղթութեան
Աւետիսի մը նման, խնդաց այգի պէս գարնան
Խաղաղութիւն ալելո՜ւ, ուրախութիւն ովսաննա՜…
Թօթափելով քու հոգիդ, ամէն ժանգէ անցեալի,
Ով մարդ, շեմին Նոր Տարուան, վերսկսէ նոր ուղի,
Բարիքներուն իր բերած եւ օրհնութեանց բաշխելիք…

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES