Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերուն
Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

Յունաստան

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Աթէնքի քաղաքապետարանին, 7 դեկտեմբերին Աթէնքի կեդրոնական պողոտային յարակից պուրակին մէջ տեղադրուած խաչքար-յուշարձանի մօտ տեղի ունեցաւ նորաստեղծ Յոյն-հայկական բարեկամութեան միութեան անդրանիկ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Սպիտակի երկրաշարժի 25-ամեակին: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ Յոյն-հայկական բարեկամութեան միութեան վարչութեան նախագահ, հասարակական գործիչ եւ դասախօս Նիկոս Լիղերոս:

Վրաստան

vrasdan712

 

 

 

 

 

 

 

 

Դեկտեմբեր 7-ին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանին եւ հոգեւոր դասին մասնակցութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի անդամ Ռուսլան Պօղոսեան, մտաւորականներ եւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Մոսկուա

moscow712Դեկտեմբեր 7-ին Մոսկուայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համալիրի տարածքին գտնուող խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն` 7 դեկտեմբեր 1988-ին Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց աշխարհի տարբեր կողմերէ եւ մասնաւորաբար Ռուսիայէն Հայաստան ժամանած անձնաւորութիւններուն աջակցութեան կարեւորութիւնը` փրկարարական աշխատանքներու իրականացման եւ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման գործին մէջ: Ռուսիոյ  Դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ, Ռուսիոյ Գրողներու միութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Եուրի Վորոպիով վստահեցուց, որ տեղի ունեցածը առաջին վայրկեանէն միաւորած է բազմաթիւ մարդիկ, եւ զանազան երկիրներէ ժամանած կամաւորները անձնուիրաբար մասնակցած են փրկարար աշխատանքներուն: Նոյն օրը Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ճգնաժամային իրավիճակներու կառավարման ազգային կեդրոնին մէջ Ռուսիոյ արտաքին իրավիճակներու նախարար Վլատիմիր Պուչկովի կողմէ, «Փոխադարձ բարեկամութիւն` յանուն փրկութեան» անունով մետալներ յանձնուեցան երկրաշարժի փրկարարական աշխատանքներու մաս կազմած 25 անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին` Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանին: Յայտնենք, որ Վլատիմիր Պուչկով եւս մասնակցած էր Սպիտակի երկրաշարժի վերացման աշխատանքներուն: Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան պարգեւատրուողներէն ոմանք:

Չեխիա

cezkh-republicԴեկտեմբեր 7-ին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, որ նշեց, թէ Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն Հայաստանին օգնութեան ձեռք երկարեցին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, որոնցմէ է չեխ ժողովուրդը:Այնուհետեւ չեխ լրագրող Տանա Մազալովա պատմեց աղէտէն ետք օգնութիւն կազմակերպելու աշխատանքին մասին: Ան նաեւ ներկայացուց 1989-ին նկարահանած չեխ բեմադրիչ Միլան Մարիշկայի «Երկիր Արարատի ներքեւ» եւ «Վերապրածներու կամուրջ» վաւերագրական ժապաւէնները, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին եւ անոր մշակոյթին, Հայաստանի երկրաշարժին եւ միջազգային օգնութեան մասին: Ապա ելոյթ ունեցաւ «Մարդը կարիքի մէջ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հիմնադիր տնօրէն Շիմոն Պանեկ: Այս կազմակերպութիւնը ներկայիս մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան` կեդրոնական Եւրոպայի ամենամեծ կազմակերպութիւններէն մէկն է եւ ստեղծուած է հայ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն կազմակերպելու առիթով: Պանեկ նշեց, որ հայ ժողովուրդին հասած արհաւիրքը փոխեց իր կեանքը: Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հայ նկարիչներու գործերու ցուցահանդէս:

Դանիա

Դեկտեմբեր 8-ին  Քոփենհակընի «Ապսալոն գիրք» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:  Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ մեր պարտքն է յիշել եւ ոգեկոչել բոլոր զոհերը եւ երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան:

 

Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» Վէպի
Լոյս Ընծայման 80-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Վիեննա

musa-dagh-40-orerԿազմակերպութեամբ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Աւստրիոյ Հայ առաքելական եկեղեցական վարչութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, վերջերս Աւստրիոյ Հանրային ձայնասփիւռի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի լոյս ընծայման 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան իր ելոյթին մէջ արժեւորեց Վերֆելի վէպին պատմական եւ գեղարուեստական իմաստը հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի յաւերժացման մէջ: Աւստրիոյ կառավարութեան անունով ներկաները ողջունեց Աւստրիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան կազմին մէջ գործող մշակութային վարչութեան տնօրէն, նախարարական խորհրդական Օլիվըր Հենհապելը: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հայրապետական պատուիրակի Տիրան վրդ. Պետրոսեան, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Պօղոս վրդ. Գոճանեան, Փոցստամի «Եոհաննէս Լեփսիուս» եւ «Վուպպերթալի Արմին Թէօ Վեկներ» ընկերութիւններու վարչութիւններու անդամ Համօ Պետրոսեան: Մուսա Լերան հերոսամարտին վերաբերեալ ձեռք բերուած նոր տեսանիւթերու մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Հայկ Դեմոյեան: Վերֆելի վէպին մէջ հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան արտացոլման հարցին շուրջ տօնական ելոյթով հանդէս եկաւ Զալցպուրկի եւ Վիեննայի մէջ գործող Լոնտոնի համալսարանի դասախօս, գրականագէտ տոքթ. Ռիւտիկեր Կիորներ:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժնով վէպին շուրջ կազմակերպուեցաւ կլոր սեղան-քննարկում եւ մտքերու փոխանակում մասնակցութեամբ` Աւստրիոյ գրական ընկերութեան եւ «Ֆրանց Վերֆել կոմիտէ»-ի նախագահ, գրող տոքթ. Մարիանա Կրուպերի, «Ֆրանց Վերֆել կոմիտէ»-ի նախագահ, պատմաբան, ցեղասպանագէտ դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան, Աւստրիոյ  Ազգային գրադարանի ձեռագրերու եւ հնատիպ հրատարակութիւններու հաւաքածոյի տնօրէն տոքթ. Անդրէաս Ֆինկերնակելի:

Աւստրիոյ Ազգային գրադարանը տրամադրած էր նաեւ Ֆ. Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի ձեռագրին բնօրինակը, որ ցուցադրուեցաւ  ձեռնարկին ընթացքին:

Վէպէն հատուածներու ընթերցումով հանդէս եկաւ աւստրիացի գրող, թարգմանիչ Հերպերթ Մաուրեր:

Աւարտին, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ա. Կիրակոսան աւստրիացի, գերմանացի, աւստրահայ եւ գերմանահայ շուրջ 10 մտաւորականներու յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին պատրաստած Վերֆելի վէպի լոյս ընծայման 80-ամեակին նուիրուած յուշամետալներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ յատուկ այս ձեռնարկին  համար հրատարակուած Վերֆելի դրոշմաթուղթով բացիկներու արարողութիւն:

Աւստրիա

Franz-Werfel-Musa-DaghՆոյեմբեր 26-ին Աւստրիոյ «Օ. Առ. Էֆ.» Ռատիօ-հեռուստատեսութեան մշակութային դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպին առաջին հրատարակման 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Հայաստանի դեսպան պատմաբան տոքթ. Արման Կիրակոսեան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ Ֆրանց Վերֆել վէպին պատմական եւ գեղարուեստական նշանակութեան վրայ` հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի յաւերժացման մէջ:

Երկրորդ բանախօսն էր Աւստրիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան մշակութային բաժնի ղեկավար Օլիվեր Հենհապըլ:

Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան հայրապետական պատուիրակ Տիրան վրդ. Պետրոսեանը եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Պօղոս վրդ. Գոճանեանը:

Ապա խօսք առաւ Գերմանիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող Փոցտամի «Եոհաննէս Լեփսիուս տուն» եւ Վուփրթալի «Արմին Թ. Վեկներ»-ի կազմակերպութիւններու վարչութեան անդամ լրագրող Համօ Պետրոսեան, նիւթ ունենալով «Ֆրանց Վերֆելի յարաբերութիւնները Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ Արմին Թ. Վեկների հետ»:

Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Հայկ Դեմոյեան  անդրադրաձաւ Մուսա Լերան դիւցազնամարտին վերաբերեալ թանգարանի հաւաքածոներէն յայտնաբերուած նոր տեսանիւթերուն:

Զալցպուրկի եւ Լոնտոնի համալսարանի դասախօս փրոֆ. տոքթ. Ռուտիկեր Գոըրնըր` որպէս օրուան գլխաւոր բանախօս, վերլուծականով ելոյթ ունեցաւ «Վերֆել, պատմութիւնը բառացի ընկալմամբ» վերնագիրով:

Հանդիսութեան երկրորդ բաժինով հայագէտ եւ թարգմանիչ Հերպերթ Մաուրերը ընթերցեց Ֆրանց Վերֆելի վէպէն հատուածներ:

Ազգային գրադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոյի բաժնի տնօրէն տոքթ. Անդրիաս Ֆինկըրնաքի հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ ձեռագիրի մասին:

Տեղի ունեցաւ  կլոր սեղան` «Մուսա Լերան քառասուն օրերը եւ ցեղասպանութեան 100 տարին» վերնագիրով` ղեկավարութեամբ տոքթ. Իրինէ Սուչիի: Զրոյցին մասնակցեցան` Ֆրանց Վերֆելի միութեան փոխնախագահ պատմաբան տոքթ. Արտեմ Օհանջանեան, Հ. Մաուրերը, տոքթ. Անդրիաս Ֆինկըրնաքելը, տոքթ. Ռ. Գոըրնըրը եւ գրող տոքթ. Մարիանա Գրիւպըրը:

Աւարտին Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան վէպի հրատարակման 80-ամեակին նուիրուած յուշամետալներ յանձնեց կարգ մը անձնաւորութիւններու:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Լարային քառեակը, ներկայացուց  կոմիտասեան ստեղծագործութիւններու փունջ մը:

Յայտնենք, որ ներկաները կարելիութիւն ունեցան անձամբ տեսնելու Աւստրիոյ Ազգային գրադարանի սեփականութիւն Ֆրանց Վերֆել «Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր» վէպին բնօրինակ ձեռագիրը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Շնորհահանդէս` Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի
«
Քրիստոնեայ Հայ  Ընտանիք» Հատորին

IMG_7399Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշէղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայց.  առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, 6  դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի  «Տիգրան եւ  Զարուհի  Տէր Ղազարեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոն ծ. վրդ.  Ազնիկեանի   «Քրիստոնեայ հայ ընտանիք եւ քրիստոնէական  դաստիարակութիւն» հատորին շնորհահանդէսը:

Հոգաբարձութեան ատենապետ Սեդա  Դարբինեանի ողջոյնի խօսքէն ետք յայտագիրը  վարեց արուեստագէտ Թագուհի Արզումանեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ այս հրատարակութեան յատկանիշներուն: Հատորին  ներկայացումը  կատարեց փրոֆ. Օննիկ  Քէշիշեան, որ ներառուած նիւթերուն ընդմէջէն, կանգ առաւ ընտանիք հասկացողութեան  ու  անոր  արժէքին վրայ: Գործադրուեցաւ նաեւ  գեղարուեստական յայտագիր:

Ապա սրտի խօսք արտասանեց դաստիարակ եւ  միութենական գործիչ Սոնա Մատարեան, որմէ ետք հեղինակը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս  ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ  առաջնորդ սրբազանին` երեկոյին հովանաւորման  համար: Ան վեր առաւ հայկական ընտանիքներուն մէջ  քրիստոնէական  արժէքներու պահպանման  հրամայականը եւ շեշտեց այս արժէքները նոր  սերունդներուն ջամբելու կարեւորութիւնը:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով` գոհունակութիւն  յայտնեց այս բնոյթի հատորի մը  լոյս ընծայման եւ անոր մատուցման նպատակով  սոյն  երեկոյին կազմակերպման համար` շեշտելով, որ գիրքը իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի համար պիտի ունենայ օգտակարութիւն:

 

Քանատա

ՀՅԴ 123-րդ Տարեդարձի Նշում

Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան

Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ ՔԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին, 7 դեկտեմբերին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 123-ամեակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամ Շանթ Նաճարեան:  Ան նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ 123 տարիներ պայքարեցաւ ու տակաւին կը պայքարի իր պատմութեան խաւարագոյն էջերը պայծառացնելու` սկսեալ ֆետայական շարժումներէն, անցնելով Հայաստանի անկախութեան կերտումէն, սփիւռքի մէջ գաղութները պահպանելու աշխատանքէն, հասնելով Արցախի ազատագրումին եւ վերանկախացած հայրենիքի հզօրութիւնը ապահովելու գործին: Նաճարեան յայտնեց, որ այսօր, սփիւռքեան այս հեռաւոր ափերուն, կրկին հաւաքուած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու եւ խուռներամ շարքերով շարունակել ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին: Ապա Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեան Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նուէր մը յանձնեց ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին, որ ստանձնեց Վարանդ Պարսամեան:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը փոխանցեց տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ 123 տարիներու ընթացքին յաջողած է իր շուրջ համախմբել հաւատարիմ հատուած մը, որ միշտ իր ներկայութեամբ կ՛ապացուցէ, թէ զօրաւոր հաւատք ունի ՀՅԴ-ի առաքելութեան ու որոշումներուն հանդէպ: Խ. Գուլաճեան ներկաները հրաւիրեց ուխտելու, որ  մասնակցին Հայ դատի աշխատանքներուն, նեցուկ կանգնին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին եւ անոր տարած աշխատանքներուն եւ շարունակեն կերտել հայկական զուտ դիմագիծով թորոնթոհայ գաղութ մը, որ պիտի կարենայ դիմակալել ներքին տեղական դժուարութիւնները եւ կարենայ ձեռք երկարել սուրիահայութեան եւ Հայաստանին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խոստման եւ փոխանցման արարողութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )