ՂԱԶԱՐԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՔՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՄԻԱՑԱՆ ՄԵԹԱԼՈՒՐԿ ՏՈՆԵՑՔԻ

Գէորգ Ղազարեան (ձախին) եւ Մարքոս Փիցելլի

Ուքրանական Մեթալուրկ Տոնեցքի պաշտօնական կայքէջը յայտարարեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Գէորգ Ղազարեան եւ Մարքոս Փիցելլի պաշտօնապէս միացան կազմին` երեք տարուան պայմանագիր մը ստորագրելով:

Մեթալուրկի թեքնիք տնօրէն Վարդան Իսրայէլեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Մեր Նորեկները Հայաստանի հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի անուանի մարզիկներէն են, որոնք ունին միջազգային փորձառութիւն: Վերջին երկու տարիներուն, մենք անոնց կատարած մրցումներուն շատ մօտէն հետեւեցանք, թէ՛ Փիւնիկի եւ թէ՛ Հայաստանի հաւաքականին հետ անոնց ունեցած ելոյթներուն ընթացքին: Հետեւաբար, անոնց յատկութիւններուն լաւատեղեակ ըլլալով, առանց փորձառական շրջանի անոնց հետ պայմանագիր կնքեցինք»:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ նաեւ, որ շատ հաւանաբար այսօր` երեքշաբթի, 21 յունիսին հունգարական Ույպեշթ խումբին դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին անոնք առաջին անգամ ըլլալով կրեն իրենց նոր ակումբին շապիկը:

Նշենք, որ Մեթալուրկ Տոնեցքի մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի մէկ այլ մարզիկը` Կարլեն Մկրտչեան:

 

Share this Article
CATEGORIES