Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. ԱՊՏՕ ՖԸՂԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, նախորդ շաբաթավերջին Ֆալուղայի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Լեռնային Ա. հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 41 ինքնաշարժներու:

Առաջին հանդիսացաւ եւ տիտղոսին տիրացաւ Ապտօ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժով` Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-7 արձանագրեց 2′ 07″ 17

արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Զիատ Ֆըղալի (2′ 10′ 14), իսկ երրորդ դիրքը` Ճօ Ղանեմ (2′ 11″ 88):

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի եւ այլ անձնաւորութիւններու ներկայութեան:

Share this Article
CATEGORIES