Այաքս Իրականացուց Ծանր Հիւանդութեամբ Տառապող Իր Պատանի Համակիրին Երազը

ajax1712Այաքս Ամսթերտամ ակումբը, որոշած է օգնել խումբին պատանի համակիրին, որ կը տառապի ծանր հիւանդութեամբ, եւ այնպէս մը ընել, որ վերջինս ինքզինք զգայ իր ակումբին մէկ մասնիկը:

Այս գծով ArmSport.am կայքէջը կը նշէ, որ պատանին կը տառապի ստամոքսային քրոնիկական հիւանդութենէ: Ասկէ մեկնելով` ակումբին ներկայացուցիչները որոշած են օգնել անոր եւ իբրեւ աջակցութիւն տեսահոլովակ մը պատրաստել:

Սկիզբը անոր հետ պայմանագիր կը կնքեն, որմէ ետք խումբին գլխաւոր մարզիչը` Ֆրանք տը Պէօր, Ճէյ-Ճէյը կը ներկայացնէ լրագրողներուն: Երազանքի տեսահոլովակի վերջին բաժինին մէջ, Ճէյ-Ճէյը դաշտին կեդրոնէն առաջին հարուածը կու տայ գնդակին:

Այաքս ակումբի հիմնադրամը միաժամանակ բոլորին կոչ կ՛ուղղէ օգնելու նման հիւանդութեամբ տառապող երեխաներուն:

Share this Article
CATEGORIES