Հիտինք Շատ Հաւանաբար Վերստանձնէ Հոլանտայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնը

hiddink1712Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Կուս Հիտինք շատ հաւանաբար վերստանձնէ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը` խումբը առաջնորդելով դէպի Եուրօ-2016` Ֆրանսա:

Ըստ հոլանտական մամուլին, կը կարծուի, որ այժմու մարզիչ Կուս Հիտինկ 2014-ի Մոնտիալէն ետք լքէ իր պաշտօնը, բացի եթէ ան յունուար 2014-ին իր պայմանագրութիւնը նորոգէ:

Հիտինք, որ Ամանորի արձակուրդի գացած է Ափրիկէ, Հոլանտա իր վերադարձին այս հարցը պիտի արծարծէ Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:

Նշենք, որ նախապէս Հիտինք Հոլանտայի մարզիչը եղած է 1995-էն մինչեւ 1998-ի Մոնտիալին կիսաւարտականի արձանագրուած պարտութիւնը` Ֆրանսայէն:

Share this Article
CATEGORIES