«Էն. Պի. Էյ.». Հիթ Յաղթեց Ճեզի` 117-94 Արդիւնքով

Մայեմի Հիթ – Եութա Ճեզ մրցումէն
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան ճակատումներուն, Արեւելեան շրջանի 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մայեմի Հիթ արձանագրեց իր 18-րդ յաղթանակը` 117-94 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Եութա Ճեզը: Յաղթական կազմին` Հիթի մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 30 կէտ:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ մէկ կէտի տարբերութեամբ` 102-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը:
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պրուքլին Նեթցի մարզիկ Ճօ Ճոնսըն, որ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին նշանակեց 37 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 96-101
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 114-100
Պոսթըն Սելթիքս – Մինեսոթա Վուլվզ 101-97
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 130-94
Մայեմի Հիթ – Եութա Ճեզ 117-94
Նիւ Եորք Նիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 101-102
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք 82-83
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 115-92
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Սաքրամենթo Քինկզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Տենվըր Նակեթց – Օքլահոմա Սիթի
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ

