Հաղորդագրութիւն

logo-FEAJDԵւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանը 17 դեկտեմբեր 2013-ի իր վճիռով հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ: Ըստ անոր, Լոզանի դատարանի 2007-ի վճիռը` Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին: Փերինչեք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ:

Հայ դատի գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս վճիռը, որ այնքան վտանգաւոր է եւ ուղղակի զօրակցութիւն եւ Եւրոպայի տարածքին Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ ղեկավարուող Ժխտողականութեան հոսանքին եւ յաւելեալ ճամբայ կը բանայ անոր դիմաց: Անգամ մը եւս պահուըտելով ազատ խօսքի իրաւունքին ետեւ` օրինակ առնելով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի մօտեցումը, Եւրոպական ատեանը իր տխրահռչակ այս որոշումով կ՛ոտնահարէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ յաջորդական սերունդներուն արժանապատուութեան իրաւունքը:

Այսուհետեւ հայութիւնը, որուն այս իրաւունքը կը զլացուի, պիտի չկարենայ Եւրոպայի մէջ գտնել օրէնքով սահմանուած իր պաշտպանութիւնը: Առանց այս հիմնական իրաւունքին, ոչ մէկը կրնայ ուրեմն հաստատել, որ ի՛նչ կրնան ըլլալ հայութեան հետագայ քայլերը եւ միջոցները` իրաւական ինքնապաշտպանութեան փնտռտուքի այս հոլովոյթին մէջ: Իսկ միւս կողմէ, տխրահռչակ այս որոշումը անպայմանօրէն պիտի գօտեպնդէ եւ յաւելեալ ներուժ պիտի տայ թրքական ծայրայեղական շարժումներուն ու զուգահեռաբար պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ բարձրացող արդար ձայներուն:

Աւելի՛ն: Եւրոպական ատեանը յայտարարելով, որ «ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութիւն չի վայելեր», ուղղակիօրէն կը նոյնանայ Փերինչեքի ժխտողական այն յայտարարութեան հետ, ըստ որուն` «Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»: Այս նոյնանման մօտեցումը անընդունելի է ու խստիւ դատապարտելի: Ու տակաւին, նոյնքան դատապարտելի է եւրոպական ատեանի այն զգայացունց մօտեցումը, ըստ որուն` «պէտք է տարբերել այս հարցը` հրեաներու Ողջակիզման դէմ ժխտողականութենէն»: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ նման տարբերակում` Եւրոպայի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն ատեանին կողմէ:

Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակը, Պրիւքսելի Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին հետ գործակցաբար, իր ամբողջ կարողականութիւնը պիտի դնէ Եւրոպական ատեանի անընդունելի այս որոշումին դէմ: Զուիցերիա երեք ամսուան ժամանակամիջոց ունի բողոքելու եւ վերատեսութեան պահանջ ներկայացնելու Եւրոպական ատեանին: Այս առումով, տեսակցութիւն պահանջուած է նախ եւ առաջ Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ` ներկայացնելու համար մեր ակնկալութիւնները զուիցերիական իշխանութիւններէն: Համակարգուած այլ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ` Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական Երեւանի կողմէ, միացեալ ճակատ կազմելով այս արշաւին դէմ:

ՀՅԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

18 դեկտեմբեր, 2013
Փարիզ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )