«Պարտադիր Կուտակայինի Երաշխիքային Հիմնադրամը Կեղծ Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը արդարացնելու ընթացքին ԱՊՊԱ-ն (փոխադրական միջոցներու օգտագործումէն բխող պատասխանատուութեան պարտադիր ապահովագրութիւն) իբրեւ օրինակ ներկայացնելը կը խօսի արհեստավարժութեան պակասի եւ հանրութիւնը թիւրիմացութեան մէջ ձգելու մասին:
Պէտք է նշել, որ 2014 թուականի պիւտճէի քուէարկութեան ժամանակ Հայաստանի վարչապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումը համեմատեց ԱՊՊԱ-ի բարեփոխումին հետ` ըսելով, որ այն ժամանակ ալ մարդիկ դէմ էին, բայց տարիներ ետք դէմ արտայայտուողները տեսան, որ այդ բարեփոխումը ինքզինք արդարացուց:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ԱՊՊԱ-ն եւ կենսաթոշակային համակարգը միանգամայն անհամադրելի են: ԱՊՊԱ-ն կը խօսի երրորդ արկածի ապահովագրութեան մասին, իսկ կենսաթոշակային բարեփոխումը կ՛առնչուի տուեալ մարդու ծերութեան եւ նուազող եկամուտներուն հետ:
«Ես միշտ կը բերեմ այն օրինակը, ճիշդ է` երգիծական տեսքով, որ եթէ դուն կրնաս մեքենայ ունենալ, բայց անոր վնաս չհասցնել, սակայն չես կրնար ապրիլ ու չծերանալ: Պետութեան պարտականութիւնն է ծեր մարդուն ապահովել արժանապատիւ կենսապայմաններ: Ճիշդ այս դաշտին մէջ կը ձեւաւորուի պետութեան հիմնական պարտաւորութիւնը», ըսաւ պատգամաւորը: Ըստ անոր, եթէ օր մը կենսաթոշակային ֆոնտերը սնանկանան, պատասխանատու պէտք է ըլլայ պետութիւնը, ահա թէ ինչու քաղաքացիին դրամը սեփական հիմնադրամներուն փոխանցելը պետութեան` պարտաւորութենէ խուսափիլ կը նշանակէ:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ իշխանութիւնը, իբրեւ երաշխիք, կը ներկայացնէ «երաշխիքային հիմնադրամ» հասկացողութիւնը, Մինասեան նշեց, որ երաշխիքային հիմնադրամը որեւէ էական նշանակութիւն չունի: «Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած դիմումով մենք հիմնաւորած ենք, որ օրէնքով ներկայացուած երաշխիքը կեղծ է», ըսաւ պատգամաւորը` բացատրելով, որ ըստ օրէնքին, հիմնադրամներու երաշխաւորութեան 20 առ հարիւրը երաշխիքային հիմնադրամը կու տայ, իսկ 80 տոկոսը` պետական պիւտճէն:
Ըստ Մինասեանի, պարզ հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ քանի մը տարի ետք Հայաստանի որեւէ պետական պիւտճէ չի կրնար ապահովել այսպիսի ֆոնտերու փոխհատուցումը: Ըստ պիւտճէի համակարգի օրէնքին, պիւտճէի երաշխիքը չի կրնար նախորդ տարուան հարկային եկամուտներու 10 առ հարիւրէն աւելի ըլլալ, որ չ՛անցնիր 100 միլիառի սահմանը, մինչդեռ պարտադիր կուտակային ֆոնտերու պարագային երկրորդ տարուընէ սկսեալ մենք կը գտնուինք կեղծ երաշխիքներու դաշտին մէջ», ըսաւ Մինասեան:

