Սահակեանի Եւ Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Որոշակի Հանգրուանի Ընթացքին Ղարաբաղը Պէտք Է Վերադառնայ Բանակցային Հոլովոյթ» Ըսաւ Իկոր Փոփով
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարեցին, թէ գիւղատնտեսութեան եւ այլ խնդիրներէն բացի իրենք նաեւ էական հարցեր կը քննարկեն Ղարաբաղ այցելութեան ժամանակ:
Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով մասնաւորաբար ընդգծեց, որ իրենց այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ, հանդիպումները նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ կը նշանակեն Ղարաբաղի ընդգրկումը ընթացող քննարկումներուն մէջ, քննարկում այն էական հարցերուն շուրջ, որոնք կը շօշափուին կողմերուն միջեւ հանդիպման ժամանակ:
«Մենք կը մեկնինք այն տեսակէտէն, որ որոշակի հանգրուանի ընթացքին Ղարաբաղ պէտք է վերադառնայ այդ հոլովոյթին, որովհետեւ վերջաւորութեան կ՛որոշուի ճակատագիրը այն մարդոց, որոնք այստեղ կ՛ապրին: Մենք կ՛ենթադրենք, որ հիմնարար սկզբունքներուն վրայ աշխատանքներու աւարտէն ետք, երբ յստակ կը դառնայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է առջեւ երթալ այդ հանգրուանին մէջ, կարելի պիտի ըլլայ քննարկել բանակցութիւններուն Ղարաբաղի վերադառնալու հարցը», պարզաբանեց ռուս համանախագահը` պատասխանելով բանակցութիւններուն ղարաբաղեան կողմի մասնակցութեան վերաբերեալ հարցումին:
Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան պարբերական խախտումներուն եւ զինադադարը պահպանելու ապարդիւն կոչերուն` Իկոր Փոփով վստահեցուց, որ այդ հարցը նոյնպէս կը քննարկեն, սակայն, ըստ անոր, ամէն ինչ իրենց ուզածին նման չ՛ընթանար: Ան ընդգծեց, որ տակաւին զոհեր կ՛արձանագրուին, եւ հակառակ անոր որ զոհերուն թիւը բաւական նուազած է, բայց իւրաքանչիւր զոհ մեծ կորուստ եւ ցաւ է:
Երէկ համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ շարունակեցին քննարկել շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակի թեման եւ այն գայլերը, որոնք կրնան կայունացնել իրավիճակը սահմանին վրայ:
Ազրպէյճան այցելութեան ժամանակ ամերիկացի համանախագահին կատարած ուշագրաւ յայտարարութեան վերաբերեալ լրագրողները Ճէյմս Ուորլիքէն պարզաբանում խնդրեցին: Նշենք, որ «Ամերիկայի ձայն»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան եւ «Թուրան» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտը, անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ հաւանական ներգրաւման, յայտնեց. «Թուրքիոյ իրաւասութեան հարցը իմ իրաւասութեանս ծիրին մէջ չէ: Միեւնոյն ժամանակ, ես չեմ բացառեր, որ որոշ պահու մը Թուրքիա կրնայ որոշակի դերակատարութիւն ստանձնել»:
Ստեփանակերտի մէջ շարունակելով նիւթը` Ուորլիք աւելցուց, որ ինք չի կրնար Թուրքիոյ անունով խօսիլ, բայց ինք պարզապէս յոյս ունի, որ եթէ Թուրքիա ցանկայ որոշ դերակատարութիւն ունենալ, ապա ատիկա դրական պէտք է ըլլայ բոլորին համար` շրջանին մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման նպատակով:
Պատասխանելով լրագրողներու յիշեցման, թէ Թուրքիա մինչեւ հիմա ալ յստակ մէկուն կողմնակիցն է, ուստի ի՞նչ փոփոխութիւններ կ՛ակնկալեն պաշտօնական Անգարայէն, Ուորլիք վստահեցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամները իրենց խմբակի ծիրին մէջ պիտի կատարեն ամէն ինչ, որպէսզի լուծումը ըլլայ համապարփակ եւ շրջանին մէջ հաստատուի կայուն խաղաղութիւն: Ամերիկացի համանախագահը ընդգծեց նաեւ, որ «հայ-թրքական յարաբերութիւնները որեւէ կապ չունին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետ»: