Իսինպայեւա Տիրացաւ Ռուսիոյ 2013 Տարուան Լաւագոյն Աթլեթի Տիտղոսին
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ձողով բարձրութիւն ցատկելու մէջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ելենա Իսինպայեւա տիրացաւ Ռուսիոյ 2013 տարուան լաւագոյն աթլեթի տիտղոսին` երկրին մարզական լրագրողներուն կողմէ:
31 տարեկան Իսինպայեւա ողիմպիականի երկու տիտղոսներու տիրացած է, հաստատած է 28 աշխարհի մրցանիշներ եւ կը նկատուի Ռուսիոյ մարզական աշխարհի հերոսներէն մէկը:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆապիօ Քափելօ եւ Միհայիլ Լիխաչեւ (Ռուսիոյ պիչ-ֆութպոլի մարզիչ) ընտրուեցան իբրեւ լաւագոյն մարզիչներ` ապահովելով նոյնքան կէտ:
Իսկ Ռուսիոյ տղոց վոլիպոլի խումբը տիրացաւ տարուան լաւագոյն խումբի տիտղոսին` տիրանալով 2013-ի աշխարհի լիկայի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

