Ճատրակ. Փեքինի Մրցաշարք. Արոնեան Գրաւեց 11-րդ Դիրքը` Պասք Խաղերուն
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի քանի մը տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն, երէկ Պասք խաղերուն աւարտին, ապահովելով 4,5 կէտ, գրաւեց վերջնական դասաւորման 11-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքը գրաւեց եւ այս տիտղոսին տիրացաւ Սերկէյ Քարժաքին, որ ապահովեց 8,5 կէտ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 միջազգային վարպետներ:
CATEGORIES Մարզական

