Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մէկը ձեր նկատմամբ պիտի ունեայ փափուկ վերաբերում: Ընդառաջ գացէք անոր: Անտարբերութիւնը անհաճոյ եւ անօգուտ կեցուածք է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աննշան հոգի կամ ցաւի համար քաշուած մնալը տրամաբանական չէ: Ձեզմէ հեռացուցէք վախը, որպէսզի կարենաք յառաջդիմել: Օրը փայլուն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ գործ փնտռելու վրայ էք, մէկը ձեզի պիտի առաջարկէ հետաքրքրական աշխատանք մը: Ընդունեցէք, կրնաք կատարել, ընդունակ էք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, պիտի կարենաք նոր իրագործումներ յաջողցնել: Պիտի արժանանաք գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եռանդուն էք, պիտի կարենաք արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունենալ: Ձեր գործունէութիւնը պիտի ըլլայ ուսանելի եւ օրինակելի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնաշարժ վարելու միջոցին եղէք հանդարտ, ոչ ջղային: Երաժշտութիւն ունկնդրեցէք, կ՛ունենաք հոգեկան խաղաղութիւն: Օրը բարի է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամներով պտոյտ մը կամ հանդիպում մը կատարելու մասին մտածեցէք: Ջանացէք ձեր օրը բարելաւել ուրախ տրամադրութեամբ, բարին մտածելով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մէջ թերեւս այսօր չկարենաք գտնել ճիշդ ձեր տեղը: Իրար մի՛ անցնիք, մի՛ անհանգստանաք այս պատճառով կրնաք համակերպիլ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդել կ՛երազէք, նոյն ատեն կը մտածէք նոր ծրագիրներ մշակելու մասին: Երկուքն ալ կրնաք իրագործել համբերութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր շուրջը խօսուող ամէն խօսքի ականջ մի՛ տաք: Սուտ կրնան ըլլալ, հետեւաբար իմաստուն կեցուածքը կարեւոր է այս պարագային:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ոչ մէկ ստորագրութիւն` առանց լաւ ստուգելու: Երկու անգամ սերտեցէք խնդրոյ առարկայ հարցը, ապա ստորագրեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի մէջ ըլլաք թէ տունը, ձեզի կ՛ապաւինին ձեր շուրջինները: Այս կը նշանակէ, թէ ձեր օրը լեցուն է աշխատանքով: Եռանդուն եղէք, որ տոկաք:

