50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1963)
Մ. Իշխանին Նուիրուած
Յարգանքի Երեկոն
Երէկ` հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 1963, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Շրջանային Միութեան կազմակերպած եւ բանաստեղծ Մ. Իշխանին նուիրուած յարգանքի երեկոն, անոր բանաստեղծական վաստակը ամփոփող գրքին` «Ոսկի աշուն»-ի հրատարակման առթիւ:
Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր գեղարուեստասէր հասարակութեամբ:
Երեկոն բացաւ միութեան ատենապետ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան` յիշելով իր մանկութեան ընկերը Ճեմարանի յարկէն ներս, որ այսօր բանաստեղծ Մ. Իշխանն է:
Բանաստեղծին անձը եւ աշխարհայեացքը իր բանաստեղծութեան ընդմէջէն ներկայացուց բանաստեղծ Յ. Գեղարդ, իսկ գործին գրական արժէքին մասին խօսեցաւ Գ. Շահինեան:
Խաչիկ Արարատեան խոր ապրումով արտասանեց բանաստեղծին «Դուք մամիկներ սեւազգեստ»-ը եւ «Ուր մնաց»-ը:
Կէօվճէլեան արտասանեց հատուած մը «Ողջոյն քեզ կեանք»-էն:
Գարմէն Տէր Կարապետեան մէջ ընդ մէջ դասախօսողներուն մտքերը պատկերազարդող ընթերցումներ կատարեց Մ. Իշխանի բանաստեղծութիւններէն:
Բանախօսութիւններէն ետք, ներկաները, մեծապէս խանդավառուած, ծափերու տարափին տակ բեմ հրաւիրեցին Մ. Իշխանը, որ խորապէս յուզուած այս մեծարանքէն` ըսաւ. «Իմ վաստակը կաթիլ մըն է միայն հայ ժողովուրդի ծով կարելիութիւններէն եւ թերեւս գովաբանական չափազանցութիւններ եղան հասցէիս:
«Գրած եմ գրելու հաճոյքին համար: Եւ եթէ բան մը փնտռած եմ գրելով, այն է` սիրել եւ սիրել տալ հայ քերթողութիւնը, հայ բանաստեղծները եւ տարածել անոնց հմայքը նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ»:
Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Համայնավար Չինաստանի վարժարաններէն մէկուն մէջ ուսուցիչը դեռատի աշակերտի մը կը հարցնէ.
– Աշխարհի քաղաքակիրթ ամէնէն հին ազգը ո՞ր ազգն է:
– Մեր ազգը, չինականը, կը պատասխանէ աշակերտը:
– Աշխարհը ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող երկիրը ո՞ր երկիրն է:
– Չինաստանը, կը յարէ աշակերտ:
– Հիմա, ըսէ տեսնեմ, թէ` որո՞ւ կը պարտինք Չինական Համայնավար կուսակցութեան արձանագրած փայլուն յաջողութիւնները:
– Անիծեալ ռուսերուն, ընկեր ուսուցիչ:
Բանուոր մը կը դատուի խորհրդային բանուորական դատարանի մը առջեւ:
– Ընկեր Իվան Փոփովիչ, կուսակցութեան հանդէպ ծանր յանցանք գործած ես: Սակայն, առաջին անգամ ըլլալուն համար, դատարանը բարեացակամ կը գտնուի քեզի հանդէպ եւ քեզ չ՛արտաքսեր կուսակցութենէն: Ըսելիք բան մը ունի՞ս,- կը հարցնէ դատաւորը:
– Ո՛չ: Ընկեր դատաւոր, կ՛ընդունիմ այդ պատիժը,- կը յարէ բանուորը:
***
Ալպանական, պետական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչը կը հարցնէ աշակերտներէն մէկուն.
– Իրարմէ ի՞նչ տարբերութիւն ունին դրամատիրութիւնը եւ համայնավարութիւնը:
– Իրարու բոլորովին հակադիր բաներ են, ընկե՛ր ուսուցիչ,- կը պատասխանէ աշակերտը:
– Ճի՛շդ է: Բայց կրնա՞ս օրինակ մը տալ:
– Այո՛- ընկեր ուսուցիչ: Դրամատիրական դրութեան մէջ, ափ մը մարդիկ ամբողջ ժողովուրդին շահածին չափ կը շահին.
– Իսկ համայնավա՞ր դրութեան մէջ:
– Ճի՛շդ հակառակը: Ամբողջ ժողովուրդը, ափ մը մարդոց շահածին չափ հազիւ կը շահի:
***
Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ բժիշկ մը իր հիւանդին կ՛ըսէ:
– Ոչ մէկ ձեւով կրնամ քեզի օգտակար ըլլալ: Եթէ Արեւմտեան պատրաստութիւն դեղ մը գրեմ, զիս կը մաքրեն, եթէ Արեւելեան պատրաստութիւն դեղ մը գրեմ, դուն կը մաքրուիս…

