Արուեստի Աշխարհէն. Վան Կոկի Արեւածաղիկները` Երեք Տարաչափութիւններով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ԲՆՈՐՈՇ ՄԷԿ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՆԻ ՔԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ՏԵՍՔՈՎ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ:
Թերեւս անհաւատալի է, սակայն իրականութիւն է, թէ արուեստի սիրահարներ հազիւ հինգ երկվայրկեան կը դիտեն թանգարանի մը կամ պատկերասրահի մը մէջ ցուցադրուած ժամանակակից արուեստի գործ մը:
Ուշադրութեան այս կարճատեւ պահը Ռոպ եւ Նիք Քարթըրի մտածել տուած է ստեղծելու արուեստի շարք մը գործեր` յարգանքի տուրք մատուցելու համար արուեստի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային դէմքերու այժմ դասականացած այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք քանի մը երկվայրկեանէ աւելի երկար արժանացած են ակնդիրներու ուշադրութեան: Անոնց գործերէն մէկը երեք տարաչափութեամբ քանդակային մէկ վերարտադրութիւնն է Վինսընթ Վան Կոկի «Արեւածաղիկներ»-ուն:

Վան Կոկի «Արեւածաղիկներ»-ուն (1888) հետեւողութեամբ: Գործ` Ռոպ եւ Նիք Քարթըրի (2013):
Լոնտոնաբնակ Ռոպ եւ Նիք Քարթըր արուեստագէտ ամոլը օգտագործած է ժամանակակից արուեստի հետզհետէ տարածուող ուղղութիւններէն մէկը, երեք տարաչափութեամբ վերարտադրելու նորաձեւութիւնը` Վան Կոկի ծաղկեփունջը դուրս բերելու համար իր շրջանակէն եւ զայն փոխադրելու իրական աշխարհ:
Արուեստագէտները նախ գեղանկարները վերածած են երեք տարաչափութեամբ համակարգչային թղթածրարներու, ապա զանոնք տպած են մոմէ կաղապարի վրայ` պրոնզէ քանդակներ ձուլելու համար: Այս գործընթացը առիթ տուած է բացառիկ ճշգրտութեամբ վերարտադրելու գեղանկարները, նոյնիսկ` անոնց վրձնահարուածները եւ քանդակային տեսքը:
Պէտք է ըսել, թէ արուեստագէտները հրաշալի կերպով իւրացուցած են Վան Կոկի կշռութաւոր եւ արտայայտիչ վրձնահարուածները` գեղանկարներուն շրջագիծէն դուրս բերելով եւ քանդակներուն մէջ տեղադրելով անոնց ոլորապտոյտ շարժումներուն զգացողութիւնը: Հովին հետ ոլորուած ցօղուններուն եւ հովին ուղղութեամբ քշուած ծաղիկի թերթերուն մանրամասնութիւնները զննելը հինգ երկվայրկեանէն շատ աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ քանդակներուն դիմաց:
«Արեւածաղիկներ»-ու քանդակը մաս կը կազմէր անցեալ ամիս Լոնտոնի Գեղեցիկ արուեստներու միութեան կազմակերպած «Ռոպ եւ Նիք Քարթըր. կերպարանափոխութիւն» վերնագիրով ցուցահանդէսին:

