Արուեստի Աշխարհէն. Մի՛ Վստահիք Գեղանկարին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ ԳԵՐԻՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՌԸՆԷ ՄԱԿՐԻԹ ՄԵԶԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ Է ՉՎՍՏԱՀԻԼ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԵՒ ԱՅՍ ՁԵՒՈՎ ՄԵԶԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ Է ԲԱՆ ՄԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՍԻՆ: ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ «ՄԱԿՐԻԹ. ՍՈՎՈՐԱԿԱՆԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, 1926-1938» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ, ՈՐ ԿԸ ՄԷԿՏԵՂԷ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՄԻՏՔ ԳՐԳՌՈՂ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: «ՏԸ ՍՄԱՐԹ ՍԵԹ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՄՈՐԿԸՆ ՄԱՅՍ ԿԸ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱՅ ՉՈՐՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ` ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՎ ԳԵՐԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ ՄԱԿՐԻԹԻ ՀԻՒՍԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՏԱՐՈՒԲԵՐԻՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԱԶԻ ՄԻՋԵՒ:

«Գաղտնի խաղցողը» մաս կը կազմէ անհատական հաւաքածոյի մը:
Բնաւ անհեթեթ զգացում մը ապրա՞ծ էք: Թերեւս անհեթեթ զգացում մը ապրած էք առաւօտ մը շուկայ երթալով: Տեսած էք բանջարեղէնի դէզերը եւ թափանցիկ կերպընկալով ծածկուած հում մսեղէնի պնակները: Յատուկ ուշադրութեամբ նկատած էք պտուղի իւրաքանչիւր դէզի վրայ դրուած պիտակները, որոնք կը նշեն անոնց անունն ու գինը: Յանկարծ անբացատրելի կերպով ապրած էք այն անհեթեթ զգացումը, թէ ինչո՛ւ այս բոլորը հասկնալի պէտք էր թուէր: Մտածած էք, թէ ինչպէ՛ս թիւերը, բառերը, պատկերներն ու իրերը ֆիզիքապէս կապուած են իրարու: Տաքուկ առաւօտ մըն էր, տունէն դուրս եկած էիք արեւոտ օդին, ձեր սիրտը կը բաբախէր եւ ափերը քրտնած էին: Սակայն պահ մը չէիք վստահած արեւուն, ոչ ալ` երկրին եւ երկինքին: Իրականութեան բոլոր երեւոյթները պարագայական կը թուէին ձեզի, շուկային մէջ պտուղներուն վրայ դրուած պիտակներուն պէս: Ապա այս զգացումը կորսուած էր, եւ վերադարձած էիք աշխարհ: Շարունակած էիք ապրիլ ձեր օրը:

«Երազներու մեկնաբանութիւն»-ը մաս կը կազմէ Ճեսփըր Ճոնզի հաւաքածոյին:
Հաւանաբար Ռընէ Մակրիթ ապրած է նման առաւօտներ: Պահ մը նկատի ունենանք 1935-ին գծած անոր «Երազներու մեկնաբանութիւն» վերնագիրով գեղանկարը: Անիկա չորս նկարներէ բաղկացած գեղանկար մըն է եւ կը յիշեցնէ հին դպրոցական այբբենարան մը, որ կը ծառայէր մանուկներուն սորվեցնելու իրերուն անունները: Հոն պատկերուած են ձի մը, ժամացոյց մը, սափոր մը եւ ճամպրուկ մը: Այս իրերուն տակ գրուած են բառեր: Ձին կը կրէ «դուռ» պիտակը, ժամացոյցը` «հով», սափորը` «թռչուն», իսկ ճամպրուկը` «ճամպրուկ»: Ինչո՞ւ երեք իրերուն անունները սխալ դրուած են, իսկ մէկը` ճիշդ: Թերեւս ասիկա կը նմանի առաւօտուն շուկային մէջ ապրած մեր զգացումին: Անհեթեթ զգացում մը ապրած էինք. ո՛չ թէ իրերը կը կրէին սխալ անուններ, այլ բացատրութիւններուն հետ անոնց կապը յանկարծ ամբողջութեամբ պարագայական թուացած էր մեզի, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կը կրէր իր ճիշդ պիտակը: Նոյնպէս ալ, երբ կը տեսնենք «Երազներու մեկնաբանութիւն» գեղանկարին մէջ սխալ բնորոշուած իրերը, կը սկսինք հարցականի տակ առնել նոյնիսկ ճամպրուկին ճիշդ բացատրութիւնը: «Ճամպրուկ» բառը ի՞նչ կապ ունի ճամպրուկի մը պատկերին հետ, իսկ պատկերը ի՞նչ կապ ունի իրական ճամպրուկին հետ: Երբ իրականութիւնը կը ներկայացնենք բառերով կամ պատկերներով, արդեօք կը մօտենա՞նք իրականութեան, թէ՞ աւելի կը հեռացնենք զայն:
Եկէք` մտածենք «Մարդկային վիճակը» գեղանկարին մասին, զոր Մակրիթ աւարտած է 1933-ին:

«Մարդկային վիճակը» կը ցուցադրուի Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային պատկերասրահին մէջ:
Գեղանկարը մեզի ցոյց կու տայ պատուհան մը` սովորական սենեակի մը մէջ: Վարագոյրները բաց են, դուրսը արեւոտ օր մըն է, խոտեր եւ ծառեր կան, կապոյտ երկինք եւ` ճերմակ ամպերու քանի մը խուրձեր: Եռոտանի մը տեղադրուած է պատուհանին առջեւ եւ գեղանկար մը դրուած է անոր վրայ: Գեղանկարը կը պատկերէ դուրսի տեսարանը: Առաջին ակնարկով տարօրինակ չի թուիր այս: Ապա կը նկատենք, թէ գեղանկարը յար եւ նման է դուրսի տեսարանին: Կը թուի, թէ գեղանկարը պարզապէս կը շարունակէ պատկերել այն, ինչ որ անաւարտ մնացած է իրական աշխարհին մէջ: Կը թուի, թէ ամպերը կը թեւածեն նաեւ պաստառին մակերեսին վրայ: Գեղանկարը այնքա՛ն նման է դուրսի իրականութեան, որ անիրական կը թուի:
Գեղանկար գեղանկարի մէջ` «Մարդկային վիճակը» մեզի կը յիշեցնէ, թէ գեղանկարները իրականութիւն չեն: Հետեւաբար «Մարդկային վիճակը» գեղանկար մըն է, որ կ՛ըմբոստանայ ինքն իր դէմ: Անիկա ակնդիրին մէջ կը ստեղծէ կասկած` գեղանկարչական արարքին նկատմամբ: Անիկա գեղանկար մըն է, որ կ՛ըսէ, թէ գեղանկարչութիւնը ստելու ձեւ մըն է: Հետաքրքրականը այն է, թէ գեղանկար մը, որ կ՛ընդունի, թէ կը ստէ, աւելի ճշմարտախօս է, քան` գեղանկար մը, որ պարզապէս կը ձեւացնէ, թէ ճշգրիտ կերպով կը ներկայացնէ իրական աշխարհը: Օրինակ, Քլոտ Լորենի մէկ բնանկարը կրնայ շատ աւելի նմանիլ իտալական քաղաքամերձ շրջաններու բնորոշ իրական տեսարանի մը, քան ինչ որ Մակրիթ երբեւիցէ գծած է: Սակայն Լորենի բնանկարները իրականութեան մէջ պարզապէս լոյսի եւ մութ գոյներու մէկտեղում մըն են հարթ պաստառին վրայ: Անոնք կախարդական հնարք մը կը գործեն մարդկային աչքին: Մինչդեռ «Մարդկային վիճակը» գեղանկարին մէջ Մակրիթ կը բացայայտէ կախարդական այս հնարքին խաբկանքը: Ան կը գծէ` գծելու արարքով չէզոքացնելու համար գծելու խաբկանքը: Ասիկա շատ խելացի մօտեցում մըն է:
Ռընէ Մակրիթ միշտ ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է տեսողական հնարքներու եւ հանելուկներու նկատմամբ: Ան ծնած է Պելճիքա, սակայն Փարիզ տեղափոխուած է 1920-ական տարիներու կէսերուն: Գծել սորված է Պրիւքսելի Գեղեցիկ արուեստներու ակադեմիային մէջ, սակայն չէ որդեգրած գեղանկարչութեան ակադեմական ձեւը: Ան կը փնտռէր տարբեր ձեւ մը, նոր ձեւ մը: Մակրիթի պէս անձի մը համար 1920-ական տարիները յարմար ժամանակներ էին Փարիզի մէջ ապրելու: Տպաւորապաշտ գեղանկարիչներու փառքի օրերը արդէն անցած էին: Յետ տպաւորապաշտ շրջանէն բխած էին գեղանկարչական բազմաթիւ շարժումներ: Խորանարդապաշտներն ու ապագայապաշտները կը սողոսկէին նոր ֆովիսթներու եւ արտայայտչապաշտներու շուրջ: Մոնտրիանի եւ Տըլոնէյի նման արուեստագէտներ կը բիւրեղացնէին զուտ վերացապաշտ գեղանկարչութեան թեքնիքները: Ինչ որ հետաքրքրական էր արուեստի մէջ, տեղի կ՛ունենար ակադեմիայէն դուրս:
Մակրիթ միացած էր խումբ մը արուեստագէտներու, որոնք իրենք զիրենք կոչած էին գերիրապաշտներ: Անտրէ Պրեթոն անոնց ինքնակոչ տէրն ու ու տիրականն էր, հակառակ որ այս հռչակումը առիթ տուած էր պառակտումներու եւ հակահարուածներու: Պրեթոն գերիրապաշտներու առաջին բանաձեւը գրած էր 1924-ին: Այս բանաձեւին մէջ ան կը յայտարարէր, թէ գերիրապաշտութիւնը փորձերու շարք մըն էր, որ կը ձգտէր ազատ արձակել եւ արտայայտել անգիտակից ուղեղը: Գերիրապաշտութիւնը այն վիճակն էր, ուր երազի եւ արթնութեան վիճակները կրնային գոյակցիլ հաւասար մակարդակի վրայ: Անիկա այն վայր էր, ուր բանականութիւնը աւելի իրական չէր, քան` բանականութեան չգոյութիւնը:
Մակրիթի 1920-ական տարիներու գեղանկարներէն շատերը գերիրապաշտութեան գաղափարները պատկերով արտայայտելու ճիգեր են: Այս գեղանկարները օժտուած են երազային յատկութեամբ մը. այն աղօտ զգացողութեամբ, թէ մեզի կ՛ընձեռուին միաժամանակ անկարելի եւ իմաստալից տեսարաններ: Օրինակ` 1927-ին գծուած «Գաղտնի խաղցողը» գեղանկարին մէջ երկու տղամարդիկ քրիքեթ կը խաղան փոշոտ դաշտի մը վրայ, որ շրջապատուած է փայտէ հսկայական սիւներով: Գեղանկարին աջ կողմը կայ բաց վարագոյր մը, ուրկէ կարծէք կը դիտենք դաշտը: Երկու տղամարդոց ետին, օթեակի մը մէջ կին մը տարօրինակ բան մը կը կրէ դէմքին վրայ: Իսկ ամէնէն աւելի երազային է հսկայական կրիան, որ կը թեւածէ երկինքին վրայ` երկու տղամարդոց վերեւ: Ասիկա այն տեսակի գեղանկար մըն է, զոր պէտք է մեկնաբանել այնպէս, ինչպէս երազ մը պիտի մեկնաբանուէր ֆրոյտեան վերլուծումով: Միակ հարցը այն է, թէ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք մեկնաբանելու համար երազը: Գեղանկարը պարզապէս մեզի ցոյց կու տայ մեր հետաքրքրութիւնը շարժող եւ երեւութապէս նշանակալից պատկերներ, այնպէս` ինչպէս երազի մէջ:
Սակայն 1920-ական տարիներու վերջերուն Մակրիթ արդէն ձանձրացած էր երազներ նկարելէ: Ան կը ձգտէր աւելի առաջ երթալ, աղօտել սահմանները երազի եւ իրականութեան միջեւ: Աւելի՛ն. ան կ՛ուզէր ցնցել մեր վստահութիւնը բոլոր պատկերներուն նկատմամբ, իրականութեան բոլոր պատկերումներուն: 1929-ին ան գծած է ծխամորճ մը պատկերող իր հռչակաւոր գեղանկարը` ճերմակ խորապատկերի վրայ: Անիկա մեզի ծանօթ ծխամորճ մըն է, որուն տակ գրուած է` «Ասիկա ծխամորճ չէ»: Սակայն անիկա ծխամորճ է: Սակայն անշո՛ւշտ ծխամորճ չէ, որովհետեւ պարզապէս գեղանկար մըն է, իսկ ծխամորճի մը գեղանկարը իրական ծխամորճ մը չէ: Գեղանկարը կը կոչուի «Պատկերներու դաւադրութիւնը»:

«Պատկերներու դաւադրութիւնը» կը ցուցադրուի Լոս Անճելըսի Արուեստի թանգարանին մէջ:
Այն տարին, որ Մակրիթ գծած է ծխամորճը, որ ծխամորճ չէ, գծած է նաեւ գեղանկար մը` «Կեղծ հայելին» վերնագիրով:

«Կեղծ հայելին» կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին մէջ:
«Կեղծ հայելին» կը պատկերէ ակնակապիճ մը: Աչքը ենթադրաբար կը դիտէ երկինքը, ուր ամպեր ցրուած են: Գիտենք, թէ այսպիսի օր մըն է, որովհետեւ երկինքը եւ ամպերը կ՛արտացոլան աչքին ծիածանին մէջ: Աչքին կեդրոնը տեղադրուած սեւ կէտը բիբն է: Որքան երկար դիտենք «Կեղծ հայելին», այնքան աւելի անոր սեւ կեդրոնը կը խռովէ մեզ: Սեւ բիբին խոռոչին նայելով` կը սկսինք մտածել, թէ արդեօք նաեւ երկինքին մէջտեղը կայ սեւ խոռո՞չ մը, որ կ՛արտացոլայ բիբին մէջ:
Ամէն պարագայի, ինչո՞ւ մարդկային աչքին կեդրոնը սեւ խոռոչ մըն է: Գիտական բացատրութիւնը կ՛առնչուի լոյսի եւ տեսողութեան հետ: Սակայն բիբը նաեւ ինքզինք պարտադրող խորհրդանիշ մըն է: Մթութիւն կայ մեր տեսնելու կարողութեան կեդրոնին մէջ: Սեւ խոռոչ մը կայ հոն, ուր տեսողութիւնը կը սկսի:
Մակրիթ համակուած էր այս սեւ խոռոչով: Ան հմայուած էր, որովհետեւ յաճախ հարց տուած էր, թէ արդեօք աչքը նոյնքա՞ն կը խաբէր, որքան` գեղանկարները եւ բառերը: Ծխամորճի մը գեղանկարը ծխամորճ չէ: «Ձի» եւ «ճամպրուկ» բառերը իրական աշխարհին մէջ հիմնական կապ մը չունին ձիերու եւ ճամպրուկներու հետ: Սակայն, ո՞ւր է այդ իրական աշխարհը: Ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ հոն: Յաճախ զայն կը տեսնենք ճիշդ մեր դիմաց, սակայն` ո՛չ իրապէս: Ի վերջոյ մարդկային աչքը բարդ պատկերներով կը տեսնէ, այն ինչ որ կայ «դուրսը»: Աչքը կը տեսնէ «իրական աշխարհը» ներկայացնող բաներ, այնպէս` ինչպէս զայն կը ներկայացնեն պատկերները կամ բառերը: «Կեղծ հայելին» կ՛արտացոլէ ճշմարտութիւն մը, որ կը խռովեցնէ: Թակարդուած ենք իրերու ներկայացումին շրջագիծին մէջ: Չենք կրնար դուրս գալ այս շրջագիծէն` կապ հաստատելու համար իրապէս իրական աշխարհին հետ: Չենք գիտեր, թէ աշխարհը ինչ է իրականութեան մէջ: Պարզապէս կ՛անցնինք իրերու մէկ ներկայացումէն միւսին:
Անգամ մը եւս դիտենք Մակրիթի «Մարդկային վիճակը» գեղանկարը: Անիկա մտածել կու տայ, թէ ընդհանրապէս կարելի չէ վստահիլ գեղանկարներուն` իբրեւ իրականութեան ճշգրիտ պատկերումներու: Ասիկա ներքնապէս քանդիչ գաղափար մըն է գեղանկարի մը համար: Սակայն «Մարդկային վիճակը» գեղանկարին մէջ շատ աւելի հիմնական բան մը կը խռովեցնէ մեզ: Իրական երկինքին եւ երկինքին պատկերումին միջեւ շարունակականութիւնը մտածել կու տայ, թէ մեծ տարբերութիւն չկայ երկուքին միջեւ: Իրական երկինքը եւ պատկերուած երկինքը կը ներկայացնեն ենթադրեալ «ճշմարիտ իրականութիւն» մը: «Իրական» երկինքը մեր աչքին ծիածանին մէջ լուսարձակուած պատկերն է: Նկարուած երկինքը այն պատկերն է, զոր գեղանկարիչը կը ստեղծէ` հաւատարիմ մնալով իր աչքին ծիածանին քաղած պատկերին: Այս երկու պատկերները իրերու ներկայացումներ են: Բնաւ դուրս չենք գար անոնց փակ շրջագիծէն, իրերու անհամար ներկայացումներու թակարդէն:
Մակրիթի գեղանկարներէն շատերը գլխապտոյտ կը պատճառեն: Կարելի չէ վստահիլ բառերու կամ պատկերներու. կարելի չէ վստահիլ որեւէ բանի: Երբեմն կ՛ըսուի, թէ Մակրիթի գեղանկարները խորհրդաւոր են: Սակայն հաւանաբար ասիկա լաւագոյն բառը չէ, որ կրնայ նկարագրել անոր գեղանկարներուն խռովք պատճառող յատկութիւնը: Խորհուրդ մը կրնայ անբացատրելի մնալ, սակայն իւրաքանչիւր խորհուրդ գէթ տեսականօրէն բացատրելի է: Մակրիթի մեզի ցոյց տուած խորհուրդները բացատրութիւն չունին: Մենք թակարդուած ենք իրերու ներկայացումներուն մէջ եւ ելք չունինք: Գոյութիւն չունի «իրական աշխարհ» մը, որուն կարելի է դիմել եւ հաղորդակցիլ անոր հետ: Իրական աշխարհը սեւ խոռոչ մըն է, մեր աչքին բիբին կեդրոնին դատարկ անդունդին պէս: Այն աշխարհը, ուր կը բնակինք, պարզապէս իրերու սուտ ներկայացումներու հիւսկէն մըն է, որ միացած է այլ սուտերով: Բացարձակ եւ համապարփակ գլխապտոյտի վիճակ մըն է այս:
Ապա կը փարատի այս գլխապտոյտը եւ կը վերադառնանք բնական աշխարհ, կը շարունակենք ապրիլ մեր օրը: